Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Բարձր Կը Գնահատեն Այն, Որ Մինսքի Խումբի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպանները Չեն Այցելած Շուշի

Հայաստանի Մէջ Բարձր Կը Գնահատեն Այն, Որ Մինսքի Խումբի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպանները Չեն Այցելած Շուշի

by MassisPost

Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Շուշի այցելելու Ատրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրը մերժած Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ դեսպաններուն դիրքորոշումը: «Արմենփրես»-ի հարցին ի պատասխան այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:

Հարցին, թէ ի՞նչ մեկնաբանութիւն ունին վերջերս Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ պետութիւններու դիւանագէտներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին առումով, Յունանեան ըսած է. «Վերահաստատում ենք մեր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղ միակողմանի այցերի անընդունելիութեան վերաբերեալ: Համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը պէտք է ներգրաւուած լինի միջազգային համագործակցութեան եւ աջակցութեան ծրագրերում: Միաժամանակ, բարձր ենք գնահատում այն երկրների դիրքորոշումը, որոնք խորքային պատկերացում ունենալով հակամարտութեան վերաբերեալ` հրաժարուել են նմանօրինակ միակողմանի ակցիային մասնակցելուց»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment