Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Գործընթացը Կը Կապէ Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Հետ. Թորոսեան

Թուրքիան Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Գործընթացը Կը Կապէ Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Հետ. Թորոսեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանը անհրաժեշտ կը համարէ հայ-թրքական կարգաւորման հարցին չափաւոր լաւատեսութեամբ մօտենալ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին, պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ հայ-թրքական կարգաւորման ներկայիս գործընթացը, կը նկատէ՞ ինչ-որ յառաջընթաց, Արսէն Թորոսեանը պատասխանեց, որ այդ գործընթացին մէջ մեծ, «վերամպային» սպասումներ պէտք չէ ունենալ` հաշուի առնելով նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձը, որ տասնեակ տարիներ եղած է, բայց փաստացի չէ ստացուած:

«Վերջին շրջանում Թուրքիայից հնչող բարձր մակարդակի յայտարարութիւնները խօսում են այն մասին, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները Թուրքիան ուղղակիօրէն կապում է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնների հետ: Նրանք, ճիշդ է, նշում են, որ առանց նախապայմանների եւ այլն, բայց այդ նախապայման բառը, կարծում եմ, մեր քաղաքական օրակարգում կամ խօսոյթում շատ արհեստական է մտնել, այդ բառը այդքան էլ տեղին չէ: Բայց Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, լինելով, օրկանական կապուած երկու պետութիւն, իրենց օրակարգերը համատեղ են յառաջ մղում: Հիմա, եթէ Ատրպէյճանը կարողանում է  խնդրի, ստիպի կամ այնպէս անի, որ Թուրքիան իր շահերը հաշուի առնի, ապա ստացւում է, որ այդ երկու գործընթացները (հայ-թուրքական եւ հայ-ատրպէյճանական- Խմբ.) կը զարգանան համատեղ կամ չեն զարգանայ», ընդգծեց Թորոսեան:

Ըստ պատգամաւորին` անոր մասին կը վկայէ այն հանգամանքը, որ երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք կը բերուին (օրինակ` կողմերը պայմանաւորուած են հնարաւոր ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ սահմանը հատելու հնարաւորութիւն ապահովել Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար), անոնք դանդաղ տեղի կ’ունենան կամ նոյնիսկ տեղի չեն ունենար: Պատգամաւորը կու գայ այն եզրահանգման, որ նոյնիսկ պայմանաւորուածութիւնները կ’առկախուին մինչեւ Թուրքիոյ պատկերացուցած գործընթացը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունենայ:

Պատգամաւորը նաեւ անդրադարձաւ ընդդիմախօսներու այն թեզին, թէ հայ-թրքական սահմանի բացումը աւելի շատ Թուրքիոյ ձեռնտու է քան Հայաստանին եւ, հետեւաբար, Հայաստանը պէտք է դէմ հանդէս գայ սահմանի բացման:

«Այդպէս չի, մեզ աւելի շատ է պէտք հայ-թուրքական սահմանի բացումը եւ, եթէ հակառակը լինէր, Թուրքիան վաղուց սահմանը կը բացեր», ընդգծեց Թորոսեանը` յաւելելով, որ Թուրքիան ունի բազմաթիւ հաղորդակցական ուղղութիւններ եւ, եթէ Հայաստանի հետ սահմանը փակ մնայ, այդ երկիրը անկէ ոչինչ կը զգայ` ոչ տնտեսական, ոչ քաղաքական առումով:

Պատգամաւորին կարծիքով` Թուրքիոյ հետ սահմանին բացումը աւելի շատ Հայաստանին անհրաժեշտ է, հաշուի առնելով նաեւ աշխարհաքաղաքական ծանր իրավիճակը, երբ որեւէ աւելի ճանապարհը խիստ անհրաժեշտ է  պետութեան կենսական խնդիրները լուծելու համար:

«Հիմա կանխատեսում են, որ աշխարհում սննդամթերքի ճգնաժամ է լինելու, եւ ոչ միայն ասում են այլ տեսնում ենք, որ այդ սննդամթերքի ճգնաժամը կայ: Այսինքն` մեզ է անհրաժեշտ, որ հայ-թուրքական սահմանը բացուի եւ յարաբերութիւնները կարգաւորուեն», եզրափակեց Թորոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment