Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կոչ Կ’ընենք Միջազգային Հանրութեան՝ Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Տարածք Անվերապահ Մուտքի Ապահովման Համար. ՀՀ ԱԳՆ

Կոչ Կ’ընենք Միջազգային Հանրութեան՝ Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Տարածք Անվերապահ Մուտքի Ապահովման Համար. ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

30 Օգոստոսը Բռնի անհետացումներու զոհերու միջազգային օրն է, որ 2010-ին սահմանուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ` որպէս բռնի եւ հարկադրուած անհետացումներու հետեւանքով մարդու իրաւունքներու սարսափելի ոտնահարումներու մասին յիշեցում:

Մարդոց հարկադրուած կամ բռնի անհետացումը իր բնոյթով մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտում է. այն կ՛ոտնահարէ մարդու իրաւունքներու ամբողջ շարք մը` հաստատուած Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրով, Բռնի անհետացումէ բոլոր անձերու պաշտպանութեան միջազգային ուխտով, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներու միջազգային դաշնագրերով եւ մարդու իրաւունքներու այլ միջազգային հիմնական փաստաթուղթերով:

Այս համալիր ոճրագործութիւնը կը խախտէ մարդու բոլոր իրաւունքները, ներառեալ կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի չենթարկուելու իրաւունքը, ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքը, արդար դատաքննութեան իրաւունքը, իրաւական պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցներու եւ անհետացման հանգամանքներու վերաբերեալ ճշմարտութիւնը իմանալու իրաւունքը: Միջազգային իրաւունքը որոշակի հանգամանքներու մէջ բռնի անհետացումը մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն կը համարէ:

Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը նպատակ ունի զերծ պահել մարդիկը կամայական ձերբակալութիւններու, կալանքի ու գերութեան ընթացքին այլ խախտումներու հետեւանքով անհետացումներէ: 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած զինադադարէն յետոյ Ատրպէյճանը կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները, այդ շարքին` քաղաքացիական անձեր, իսկ Ղարաբաղեան առաջին եւ 44-օրեայ պատերազմներուն հետեւանքով հարիւրաւոր անյայտ կորսուածներու եւ բռնի անհետացածներու ճակատագրեր կը մնան չպարզուած:

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ համագործակցութեան բացակայութիւնը անհնարին կը դարձնէ անհետ կորսուած անձերու թիւի ճշգրիտ գնահատումը, եւ անհետացածներու ճակատագրի կամ գտնուելու վայրի եւ ողջ ըլլալու վերաբերեալ հաւաստի տեղեկութիւններու ձեռքբերումը:

Ատրպէյճանը կը շարունակէ անտեսել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումները` Ատրպէյճանի մէջ հայ պատանդներու վերաբերեալ տեղեկատուութեան տրամադրման միջանկեալ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 7 Դեկտեմբեր  2021-ին ներկայացուած հրատապ միջոցները, որոնք կը պարտաւորեցնեն Ատրպէյճանին դադրեցնել հայերու նկատմամբ ցեղապաշտական եւ խտրական քաղաքականութիւնը:

Անհետացումներու խնդիրը մարդասիրական առաջնահերթութիւն է, որ պէտք է ապաքաղաքականացուի եւ կարգաւորուի ամուր քաղաքական կամքով եւ համագործակցութեամբ: Նման մօտեցման բացակայութեան պարագային արդարութիւնն ու ընկերային առողջացումը, հետեւաբար` երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը կը մնան վերացական: Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածք անվերապահ մուտքի ապահովման համար, որ կրնայ մեղմել առկայ մարդասիրական ճգնաժամը:

Բռնի անհետացումներու միջազգային օրը մենք համերաշխութիւն կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս անմարդկային արարքներէն: Մենք կը պայքարինք անհետացածներու իրաւունքներուն համար, կը շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար եւ այս յանցագործութեան անպատժելութեան դէմ: Կը վերահաստատենք մեր հրատապ կոչը` վերջ դնելու բռնի անհետացումներու անպատժելիութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment