Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ահաբեկչութեան Մասին Սուտ Տեղեկութիւններ Տարածողը Յայտնաբերուած Է

Ահաբեկչութեան Մասին Սուտ Տեղեկութիւններ Տարածողը Յայտնաբերուած Է

by MassisPost

Ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժնի քրէական հետախոյզներու ձեռնարկած հետախուզական միջոցառումներուն շնորհիւ, 27 Օգոստոսին, Հրազդանի կիրճին մէջ յայտնաբերուած, բաժին բերուած եւ ձերբակալուած է 59-ամեայ Արմէն Խ.-ն, որ կը հետախուզուէր ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 314-րդ յօդուածի (Ահաբեկչութեան մասին սուտ տեղեկութիւններ տարածելը) մեղադրանքով: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ Ոստիկանութենէն:

Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment