Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արսէն Թորոսեանի Կարծիքով` Պետութեան Համար Բախտորոշ Ժամանակաշրջանին Մէջ Պէտք Չէ Տրուիլ Զգացումներուն

Արսէն Թորոսեանի Կարծիքով` Պետութեան Համար Բախտորոշ Ժամանակաշրջանին Մէջ Պէտք Չէ Տրուիլ Զգացումներուն

by MassisPost

Պետութեան եւ պետականութեան համար այս բախտորոշ ժամանակաշրջանին պէտք է շատ լայնախոհ եւ իմաստուն գտնուիլ եւ որեւէ կերպ չտրուիլ զարգացումներուն, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ճիշդ որոշումներ կայացնել: Նման կարծիք յայտնեց Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ ուղերձներ կը պարունակեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 32-ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձը եւ ի՞նչ հետեւութիւններ պէտք է ընէ հանրութիւնը, Թորոսեանը չփափաքեցաւ մեկնաբանել վարչապետին շնորհաւորական ուղերձը` նշելով, որ իւրաքանչիւրը կրնայ հասկնալ, թէ ինչ նկատի ունի վարչապետը: Պատգամաւորը ընդգծեց, որ վարչապետը իր խօսքին մէջ միշտ անկեղծ եղած է թէ՛ կառավարութեան նիստերուն, թէ՛ Ազգային ժողովի հարց ու պատասխանին ժամանակ: Թորոսեանը վստահ է, որ վարչապետը այդպէս ալ պիտի ներկայացնէ այն օրակարգերը, որոնք Հայաստանի առջեւ կանգնած են:

«Կարծում եմ, որ պետութեան եւ պետականութեան համար այս բախտորոշ ժամանակաշրջանում պէտք է շատ լայնախոհ եւ իմաստուն գտնուենք ճիշտ որոշումներ կայացնելու համար, որեւէ կերպ չտրուենք զգացումներին, որպէսզի կարողանանք դիմագրաւել մարտահրաւէրներին  թէ տարածաշրջանային, եւ թէ աւելի լայն` Արեւելք եւ Արեւմուտք, Ռուսաստանի Դաշնութիւն-Ուքրանիա հակամարտութիւնով պայմանաւորուած: Կարծում եմ, որ եթէ մենք հէնց այդպէս որոշումներ կայացնենք փաստերի, իրողութիւնների հիման վրայ, ապա մենք կարող ենք դիմագրաւել մարտահրաւէրներին, ինչքան էլ որոշումները մեզ դուր գան կամ չգան, որովհետեւ կարող է որեւէ բանի հետ համաձայն չլինել, բայց մեր համաձայն չլինելուց կարող է իրողութիւնը չփոխուել: Եթէ մենք կրկին տրուենք զգացումներին եւ չառաջնորդուենք ողջամտութեամբ եւ ողջախոհութեամբ, աւելի մեծ կորուստներ կ’ունենանք, ինչը  չպէտք է թոյլ տանք», շեշտեց Թորոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment