Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՄ-Ատրպէյճան Կազային Գործարքը Կրկնուող Սխալ Է․ «Politico»

ԵՄ-Ատրպէյճան Կազային Գործարքը Կրկնուող Սխալ Է․ «Politico»

by MassisPost

Ռուսական հանածոյ կազից ազատելու Եւրոմիութեան առաքելութեան շրջանակներուն մէջ Յուլիսի կէսերուն Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տըր Լեյենը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ստորագրեցին յուշագիր` կրկնապատկելու ատրպէյճանական կազի արտահանումը ԵՄ, կը գրէ «Politic»o-ն:

Փաստաթուղթին համաձայն` մինչեւ 2027 թուականը Կասպիական նաւթապետութիւնը Եւրոպային ամէն տարի պիտի մատակարարէ առնուազն 20 միլիառ խորանարդ մեթր հանածոյ կազ` Հարաւային Կազային Միջանցքի (SGC) միջոցով` 3000 քմ երկարութեամբ կազատարներու շղթայով, որ կազ կը մատակարարէ ԵՄ: Բայց այս համաձայնագիրը կը հակասէ ԵՄ-ի կլիմայական նպատակներուն եւ մարդու իրաւունքներու չափանիշերուն:

Ինչպէս արդէն կը պնդեն քաղաքացիական հասարակութեան խումբերը, կազի արդիւնահանման ընդլայնման աջակցիլը միայն պիտի հարստացնէ Ատրպէյճանի միապետական վարչակարգը, որ յայտնի է մոլեգնող փտածութեամբ եւ ընդդիմութեան ճնշումներով:

Այնուամենայնիւ, այն, ինչը որ քիչ կը քննարկուի` Կասպից ծովէն կազը Եւրոպա արդիւնահանելու եւ տեղափոխելու համար անհրաժեշտ կարեւոր ենթակառուցուածքը կը պատկանի «Լուքօյլ»-ին` ռուսական նաւթակազային հսկային, որ սերտօրէն կապուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վարչակարգին հետ:

Աշխարհի մեծագոյն նաւթակազային ընկերութիւններէն մէկը` «Լուքօյլ»-ը ինք կը պնդէ, որ Ռուսիոյ երեք մեծ հարկատուներէն մէկն է` միայն 2019 թուականին վճարելով աւելի քան 200 միլիառ տոլարի հարկեր: Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ յայտնուած ընկերութիւններու շարքին է նաեւ «Լուքօյլ»-ը:

Ուահիտ Ալեքպերովը` «Լուքօյլ»-ի նախկին գործադիր տնօրէնը եւ Խորհրդային Միութեան նաւթի եւ կազի փոխնախարարը, նոյնիսկ նախապէս բացայայտ յայտարարութիւններ ըրած էր` ենթադրելով, որ ընկերութեան նպատակները սերտօրէն համահունչ են Ռուսիոյ կառավարութեան նպատակներուն: Այնուամենայնիւ, ան հրաժարական տուան այն բանէն ետք, երբ Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Աւստրալիան պատժամիջոցներ կիրառեցին ռուս խումբ մը օլիկարխներու դէմ, որոնք, Աւստրալիոյ արտաքին գործերու նախարարին խօսքերով, «մօտ են Փութինին եւ կը նպաստեն ու կ’աջակցին անոր գործողութիւններուն»:

«Լուքօյլ»ը կը գործէ ատրպէյճանական նաւթի եւ կազի ոլորտին մէջ 1994 թուակաէն: 2000-ականներու սկիզբը ան իր ջանքերը Ատրպէյճանի մէջ կեդրոնացուց Շահ Տենիզ հանածոյ կազի հանքավայրերու զարգացման վրայ, որոնք աշխարհի ամենամեծերէն են:

Փաստօրէն, Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն քանի մը օր առաջ «Լուքօյլ»-ը աւարտեց մալազիական Petronas-ի բաժնետոմսերու ձեռքբերումը Շահ Տենիզի մէջ 1,45 միլիառ տոլարով, նախագիծին մէջ իր մասնաբաժինը 10 տոկոսէն հասցնելով 19,99 տոկոսի եւ դառնալով երկրորդ մեծ բաժնետէրը British Petroleum-էն յետոյ (BP):

Բացի Շահ Տենիզէն, որ յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին արտահանման հիմնական դաշտը պիտի ըլլայ, «Լուքօյլ»-ը հետամուտ է նաեւ այլ հնարաւոր զարգացումներու Ատրպէյճանի մէջ: 2021 թուականին ընկերութիւնը BP-էն գնած է ծանծաղ ջուրերու Ապշերոն թերակղզիի (SWAP) հետախուզական նախագիծի 25 տոկոս բաժնետոմս:

Եւ 30 տարուայ վէճէն յետոյ, նոյն թուականի Յունուարին, երբ Ատրպէյճանն ու Թուրքմէնիստանը պայմանաւորուեցան Կասպից ծովի իրենց համապատասխան հատուածներու սահմանին գտնուող «Տոսթլուք» հանքավայրի համատեղ շահագործման մասին, Ալեքպերովը թուրքմէններու հետ կը քննարկէր «Լուքօյլ»ի ներդրումային տարբերակները:

«Լուքօյլ»-ը նաեւ բաժնետէր է Հարաւային Կովկասի կազատարին մէջ` SGC-ի ամենաարեւելեան հատուածին մէջ: Եւ այն ունի 15,992 տոկոս բաժնեմաս Ատրպէյճանի կազամատակարարման ընկերութեան մէջ, որ ատրպէյճանական հանածոյ կազի արդիւնահանողն ու վաճառողն է:

SGC-ը միակ երթուղին է, որ կը կապէ կասպեան կազի հանքերը ԵՄ-ի հետ, եւ Ատրպէյճանը սկսած է կազ արտահանել Եւրոպա 2020 թուականին: Միջանցքը կ’անցնի Վրաստանի, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Ալպանիոյ եւ Իտալիոյ տարածքով դէպի ԵՄ այլ շուկաներ եւ բաղկացած է Հարաւկովկասեան կազատարէն, Անդրանատոլիական կազատարէն, Անդրադրիատիկ կազատարէն եւ այլ ճիւղերէ, իսկ հիմնական գործող կազի հանքավայրը ներկայիս Շահ Տենիզն է:

Ֆօն տըր Լեյենի խօսքով` Ատրպէյճանը «կարեւոր եւ յուսալի գործընկեր է մեր մատակարարման անվտանգութեան համար»: Այնուամենայնիւ, Ռուսիոյ ներգրաւուածութիւնը ատրպէյճանական կազի մատակարարման շղթայի առանցքային օղակներուն մէջ կասկածի տակ կը դնէ ուժանիւթային անվտանգութեան վերաբերեալ որեւէ պնդում:

«Լուքօյլ»ը ոչ միայն Ռուսիոյ մէջ մեծ հարկատու է, որ կրնայ օգտագործել Ատրպէյճանէն ստացուող կազի եկամուտները Փութինի ռազմական մեքենան ֆինանսաւորելու համար, այլեւ անոր դիրքը ատրպէյճանական բազմաթիւ նախագիծերու մէջ ընկերութեան հնարաւորութիւն կու տայ օգտուելու տեղեկատուութենէն, որ կրնայ օգտագործուիլ Ռուսիոյ շարունակական սպառազինման աջակցելու համար:

Ժամանակն է, որ Յանձնաժողովը սկսի դասեր քաղել ուժանիւթի զանազանեցման եւ ուժանիւթային անվտանգութեան հետ կապուած իր նախկին սխալներէն` հիմնուելով մենատիրական վարչակարգերու հետ գործարքներու վրայ: Անոնք կը ծառայեն միայն հանածոյ վառելանիւթերէն Եւրոպայի կախուածութիւնը յաւերժացնելուն, այն ժամանակ, երբ անոր վերջ տալը խիստ անհրաժեշտ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment