Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Իր Դէմ Ծրագրուած Սպանութեան Մասին Հաղորդում Ներկայացուցած Է Դատախազութիւն

Կարօ Փայլան Իր Դէմ Ծրագրուած Սպանութեան Մասին Հաղորդում Ներկայացուցած Է Դատախազութիւն

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Անգարայի Գլխաւոր Դատախազութիւն:

Հաղորդումը կապուած է փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէի այն պնդման հետ, որ 2016 թուականին Փայլանի դէմ սպանութեան ծրագիր մշակուած է:

Փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէն Ինսթակրամի իր էջով կատարած գրառումներուն մէջ նշած էր, որ զէնք պիտի տարուէր խորհրդարան եւ Կարօ Փայլանը պիտի սպաննուէր:

Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ Ինճէի պնդումներուն հետ կապուած Դատախազութիւնը քայլերու չէ ձեռնարկած:

«Փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէն Ինսթակրամով կատարած գրառումներու մէջ բացայայտած է, որ պետութեան ներսի որոշ մութ կեդրոննէր 2016 թուականին իմ դէմ սպանութիւն ծրագրած են եւ այդ ծրագիրը խափանուած է այլ կեդրոններու կողմէ:

Չնայած այս բացայայտումէն անցած է երկու շաբաթ` իրաւապահ մարմինները, որոնք պէտք է հետաքննութիւն սկսէին, գործի չեն անցած», նշած է հայազգի պատգամաւորը` յաւելելով, որ իր դէմ սպանութեան ծրագրի բացայայտման համար ինք հաղորդում ներկայացուցած է Անգարայի Գլխաւոր Դատախազութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment