Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Շրջանառութեան Մէջ Դրած Է Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Անցակէտեր Ստեղծելու Նախագիծ

ԱԱԾ-ն Շրջանառութեան Մէջ Դրած Է Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Անցակէտեր Ստեղծելու Նախագիծ

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է նախագիծ մը, որով կ՛առաջարկուի անցակէտեր ստեղծել հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ:

ՀՀ կառավարութեան 2011 թուականի N 703-Ն որոշման լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը հրապարակուած է իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին` e-draft.am-ի մէջ:

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է 4 Օգոստոսին կառավարութեան նիստի ընթացքին վարչապետին կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ապահովման անհրաժեշտութեամբ: Ակնկալուող արդիւնքը Հայաստանի մէջ պետական սահմանի նոր անցման կէտերու ստեղծումն է` պետական սահմանով անձերու, ապրանքներու եւ փոխադրութեան միջոցներու անցումը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով: Նոր անցակէտերը կը նախատեսուին ստեղծել Գեղարքունիքի (Սոթք համայնքէն դէպի ՀՀ պետական սահման M11 մայրուղի), Արարատի (Երասխ համայնք), Սիւնիքի (Քարահունջ համայնքէն մօտ 7,5 քմ հարաւ, հարաւ-արեւելք Մ2 մայրուղի) մարզերուն մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ:

Նախագիծը մշակուած է ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ: Նախագիծին ընդունմամբ անհրաժեշտութիւն պիտի յառաջանայ ներգրաւելու լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներ նոր անցման կէտերու շինարարական եւ կահաւորման աշխատանքներու իրականացման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment