Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնին մէջ Պայթումին Հետեւանքով Կայ Առնուազն 16 Զոհ

«Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնին մէջ Պայթումին Հետեւանքով Կայ Առնուազն 16 Զոհ

by MassisPost

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ Օգոստոս 14-ի պայթումէն բռնկած հրդեհը մարած է:  Զոհուած 16 քաղաքացիներէն 15-ին ինքնութիւնը պարզուած է: Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան տեղեկացուցած է, որ զոհերու շարքին են մէկ մանկահասակ երեխայ եւ յղի կին:

Անհետ կորսուած քաղաքացիները 6-էն դարձած են 4, քանի որ Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն յայտնած են առ այն, որ ենթադրեալ անհետ կորսուած իրենց քաղաքացին այս պահին Վրաստանի մէջ է, իսկ ենթադրեալ անհետ կորսուած համարուող քաղաքացիներէն մէկը յայտնած է, որ Սուրմալուի տարածքին մէջ չէ եղած:

Նոր պայթումի վտանգ չկայ, բայց հնարաւոր թեթեւ ծխային օճախներու առկայութիւն կրնայ ըլլալ շէնքի այն հատուածին մէջ, որ դեռ կանգուն է, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսաւ արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Դաւիթ Համբարեանը:

Շէնքի այդ հատուածին մէջ պարբերաբար իրականացոած են եւ պիտի շարունակուի իրականացուիլ հովացման աշխատանքներ, ըսաւ փոխնախարարը:

Հարցումին, թէ հրավտանգ նիւթեր դեռ ներսը կա՞ն, Համբարեան պատասխանեց, որ տեսադիտարկման միջոցով կը փորձեն պարզել, թէ շէնքին ներսը ինչ կայ, քանի որ, անոր խօսքով, շէնք մուտք գործել հնարաւոր չէ, այն վտանգաւոր է փրկարարներուն համար:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, տեղեկացուց, որ հանդիպած են «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի սեփականատէրերէն մէկուն հետ:

Փամբուխչեան հանդիպումէն մանրամասնութիւններ չփոխանցեց, փոխարէնը տեղեկացուց, որ Կադաստրի կոմիտէէն յատակագիծեր պահանջած են` նկուղային հարկերուն մէջ աւելի մանրակրկիտ զննում կատարելու համար:

«Եթէ նկուղային հարկերում կան այնպիսի տեղեր, որոնք մեզ համար տեսանելի չեն, մենք ունենանք նաեւ այդ յատակագծերը, որպէսզի մենք կարողանանք էլ աւելի մանրակրկիտ զննում անցկացնել», լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին ըսաւ նախարարը` յաւելելով, որ կ’աշխատին համասեփականատէրերէն մէկուն հետ, որ ծանօթ է տարածքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment