Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շոյկուն Եւ Պապիկեանը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներուն Գործունէութիւնը

Շոյկուն Եւ Պապիկեանը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներուն Գործունէութիւնը

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաղնութիւն աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Օգոստոս 16-ին կայացած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հանդիպումը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ:

Ռազմավարական դաշնակից երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Սուրէն Պապիկեանը ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչպէս նաեւ  Արցախի մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած զարգացումները եւ նշած է, որ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ:

Կողմերը կարեւորած են իրադրութեան հետեւողական ու շարունակական կայունացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը, շեշտադրելով Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբին դերակատարութիւնը այդ հարցով:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները գոհունակութիւն յայտնած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան ներկայ մակարդակին առնչութեամբ եւ  քննարկած են փոխգործակցութեան հետագայ խորացման ծրագրերն ու հնարաւորութիւնները:

Կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ միջազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment