Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սուրմալու»-ի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Գործով Հարցաքննուած Է 50-է Աւելի Մարդ

«Սուրմալու»-ի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Գործով Հարցաքննուած Է 50-է Աւելի Մարդ

by MassisPost

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին գործով հարցաքննուած է 50-է աւելի մարդ` տաղաւարի սեփականատէրեր, տուժածներ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Վարդան Թադեւոսեանը` յաւելելով, որ առեւտուրի կեդրոնին սեփականատէրը դեռ չէ հարցաքննուած:

«Գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցող չկայ», յաւելեց Թադեւոսեանը:

ՀՀ Քննչական Կոմիտէն կը յորդորէ բոլոր այն քաղաքացիներուն, որոնք «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնէն ձեռք բերած են, սակայն տակաւին չեն օգտագործած հրավառութեան համար նախատեսուած նիւթեր եւ պարագաներ, զանոնք չօգտագործել եւ նշուած իրերը ներկայացնել ՀՀ Ոստիկանութեան` իրենց բնակութեան վայրի բաժիններ:

Քննչական Կոմիտէն կը վստահեցնէ, որ նշուած գործողութիւնը քաղաքացիներուն համար որեւէ իրաւական հետեւանքներ պիտի չառաջացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment