Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Կը Գործադրեն Բոլոր Անհրաժեշտ Ջանքերը` Իրադրութիւնը Կայունացնելու Համար. ՌԴ ԱԳՆ

Ռուս Խաղաղապահները Կը Գործադրեն Բոլոր Անհրաժեշտ Ջանքերը` Իրադրութիւնը Կայունացնելու Համար. ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը խիստ մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի շուրջ եւ շփման գիծի այլ հատուածներուն մէջ իրադրութեան մագլցողութեան առնչութեամբ: Այս մասին կ’ըսուի Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

«Ռուս խաղաղապահները կը գործադրեն բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը` կայունացնելու իրադրութիւնը: Բոլոր խողովակներով ու բոլոր մակարդակներով, ներառեալ եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, կը տարուի աշխոյժ աշխատանք երկու կողմերուն հետ: Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով սերտ շփման մէջ է ատրպէյճանցի ու հայ գործընկերներու հետ:

Կոչ կ’ընենք կողմերուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն, հետեւելու կրակի դադրեցման կարգին: Առկայ հակասութիւններու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով` հաշուի առնելով կողմերու դիրքորոշումները եւ խստօրէն պահպանելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու յայտարարութեան դրոյթները:

Համոզուած ենք, որ կողմերուն ջանքերը պէտք է կեդրոնացուած ըլլան Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ դրական օրակարգ ձեւաւորելու վրայ` առկայ եռակողմ բանակցային ձեւաչափերու շրջանակներուն մէջ», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նաեւ ցաւակցութիւնները յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադրութեան սրման հետեւանքով արձանագրուած զոհերու ազգականներուն ու հարազատներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment