Լաչինի այլընտրանքային ճանապարհի շինարարական աշխատանքները սկսած են եւ պիտի աւարտին մինչեւ գարուն: Այս մասին ըսած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան լրագրողներու հետ զրոյցին:
«Շինարարութիւնը սկսել ենք, արհեստաւորները աշխատում են, ճանապարհը կառուցում են», ըսաւ Սանոսեան:
Իսկ, թէ աշխատանքները երբ կ’աւարտին` նախարարը ըսաւ. «Մինչեւ գարուն»:
Սանոսեանի վստահեցմամբ` աշխոյժ կ’աշխատին այդ ուղղութեամբ: