Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքըն Չաւուշօղլուի Հետ Հեռախօսազրոյցին Բարձրացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Հարցը

Պլինքըն Չաւուշօղլուի Հետ Հեռախօսազրոյցին Բարձրացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Հարցը

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, բարձրացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակ Նետ Փրայսը:

«Պետական քարտուղարը նաեւ բարձրացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ներգրաւուելու ինչպէս երկկողմ ձեւաչափով` համախոհ գործընկերներու հետ, այնպէս ալ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահի մեր դերին մէջ` նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ օգնելու հասնիլ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման», հաղորդած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Նախօրէին` Օգոստոս 3-ին, Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող բուռն մարտերուն առնչութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment