Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քաղաքական Ընդդիմութեան Կողմէ Կազմակերպուած Հաւաքներուն Մասնակցելու Նպատակով Քաղաքացիները Նիւթապէս Շահագրգռելու Գործը Դատարան Հասած Է

Քաղաքական Ընդդիմութեան Կողմէ Կազմակերպուած Հաւաքներուն Մասնակցելու Նպատակով Քաղաքացիները Նիւթապէս Շահագրգռելու Գործը Դատարան Հասած Է

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան մէջ աւարտած է ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքներուն մասնակցելու նպատակով քաղաքացիները նիւթապէս շահագրգռելու դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործին նախաքննութիւնը:

Քննչական Կոմիտէէն կը յայտնեն, որ մինչդատական վարոյթին մէջ իրականացուած քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած են դէպքին հանգամանքները, այդ շարքին` առերեւոյթ յանցագործութիւն կատարած երկու անձերու ինքնութիւնը, որոնք Արմաւիրի մարզի Մեծամօր համայնքի Այգեշատ բնակավայրի` 1966 եւ 1967 թուականներու ծնունք բնակիչներ են:

Քննութեամբ պարզուած է, որ վերջիններս, 2022 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն ընթացքին, Երեւան քաղաքին մէջ իրականացուող հաւաքներուն լայն շրջանակներ ներգրաւելու համար, մարդիկը նիւթապէս շահագրգռելու նպատակով, գործով տակաւին չպարզուած անձերէ, գումարներ ստացած ու բաժնած են, որուն առնչութեամբ իրար հետ կատարած են բազմաթիւ քննարկումներ, որոնցմէ մէկուն վերաբերեալ ձայնագրութիւնը եւ հրապարակումը տարածուած էր համացանցով:

Նախաքննութեան շրջանակներուն մէջ օրէնքով սահմանուած կարգով իրականացուած են նաեւ խուզարկութիւններ, որոնց ընթացքին Այգեշատ բնակավայրի` յիշեալ բնակիչներէն մէկուն տան մէջ յայտնաբերուած է ռազմամթերք հանդիսացող ինքնաձիգներ, ձեռքի գնդացիրներ, տարբեր տեսակի որսորդական ակօսափող զէնքերէ կրակելու համար նախատեսուած 2 փամփուշտներ եւ «Mauser» տեսակի ատրճանակ:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` Այգեշատի բնակիչներէն մէկուն մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 163-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով եւ 235-րդ յօդուածի 1-ին մասով, իսկ միւսին` 163-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով: Անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Նախաքննութիւնը աւարտած է եւ քրէական գործը, մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած է դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment