Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ի Հետ Ձեւաւորուած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը Կը Դադրի Գոյութիւն Ունենալէ. Վանեցեանը Վայր Կը Դնէ Պատգամաւորական Մանտաթը

ՀՀԿ-ի Հետ Ձեւաւորուած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը Կը Դադրի Գոյութիւն Ունենալէ. Վանեցեանը Վայր Կը Դնէ Պատգամաւորական Մանտաթը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը պատգամաւորական մանտաթը վայր դնելու դիմում ներկայացուցած է, «Հայրենիք» կուսակցութեան որոշմամբ` կը դադրի գոյութիւն ունենալէ ՀՀԿ-ի հետ ձեւաւորած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը: Վանեցեանը այս մասին յայտնած է Ֆէյսպուքի իր էջով:

«Այսօր օրէնքով սահմանուած կարգով դիմում եմ ներկայացրել պատգամաւորական մանտաթս վայր դնելու վերաբերեալ: Ձեզանից շատերի համար իմ այս որոշումն անակնկալ չէ. ես մի քանի անգամ հրապարակայնօրէն յայտարարել եմ, որ ինձ այլեւս չեմ տեսնում այս խորհրդարանում: Պատճառն ակներեւ է` ՀՀ քաղաքացին մեզ քուէ էր տուել այս իշխանութիւնների կործանարար գործունէութիւնը կասեցնելու եւ երկիրն աղէտից դուրս բերելու համար: Սակայն այս խորհրդարանը, իմ կարծիքով, դադարել է լինել նպատակին հասնելու արդիւնաւէտ հարթակ», նշած է Վանեցեանը:

Ապ նաեւ յայտնած է, որ «Հայրենիք» կուսակցութեան Խորհուրդը որոշում կայացուցած է գործունէութիւնը շարունակելու խորհրդարանէն դուրս: «Կուսակցութեան որոշմամբ տէ իւրէ եւ տէ ֆաքթօ դադարում է գոյութիւն ունենալ ՀՀԿ-ի հետ մեր ձեւաւորած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը, որի շրջանակներում մեր գործընկերների հետ համեմատաբար կարճ, բայց յագեցած ճանապարհ ենք անցել ու, վստահ եմ, դեռ անցնելու ենք` յանուն երկրի փրկութեան, իսկ ապագայում նաեւ` մեր պետականութեան առողջացման եւ ուժեղացման», ընդգծած է Վանեցեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու գործընկերներուն ` միասին անցած ճանապարհի ու համատեղ աշխատանքի համար:

Վանեցեանը միաժամանակ վստահեցուցած է, որ իր` մանտաթը վայր դնելու եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան` խորհրդարանէն դուրս պայքարը շարունակելու որոշումները բացառապէս իրենց ընտրութիւնն են եւ որեւէ կերպ չեն կրնար կաշկանդող կամ ուղղորդող գործօն հանդիսանալ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան գործընկերներուն, այդ շարքին` «Հայրենիք» կուսակցութեան առաջադրմամբ Ազգային Ժողով անցած անկուսակցական անձերու համար, ընդգծելով որ  այս հարցով իւրաքանչիւրը իր գիտակցուած, հիմնաւորուած ընտրութիւնը պիտի ընէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment