Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Առաջին Արբանեակը Կապ Հաստատած է Երկրին Հետ.¬ Ենթահամակարգերը Կ’աշխատին Անխափան

Հայաստանի Առաջին Արբանեակը Կապ Հաստատած է Երկրին Հետ.¬ Ենթահամակարգերը Կ’աշխատին Անխափան

by MassisPost

Սպանական SATLANTIS ընկերութիւնը յայտարարութիւն տարածած է առաջին հայկական արբանեակը` «Ուրտանեթա»-ն Տիեզերք ուղարկելու վերաբերեալ` նշելով, որ իրենք հպարտ են համագործակցելու Հայաստանի հետ:

Ընկերութեան տնօրէն Ժան-Ժագ Տորէյնը մասնաւորապէս նշած է. «Հպարտ ենք տեղափոխել «Armsat-1» անունով յայտնի մեր «Ուրտանեթա» արբանեակ, որ առաջին հայկական ռազմավարական արբանեակն է: Մենք կ՚աջակցինք կառավարութեան որոշումներուն` ստեղծելով աշխատատեղիներ, տաղանդներ ու արտադրանք»:

ԱՄՆ Քանաւերալ հրուանդանէն արբանեակի յաջող արձակումէն յետոյ SATLANTIS-ը յայտարարած է հայկական պետական «Կէոքոսմոս» ընկերութեան հետ համաձայնագիր կնքելու մասին, որով ընկերութեան կը տրամադրուի Երկրի դիտարկման լիարժէք համակարգ:

«Ուրտանեթա»-ն, որ ստացած է աշխատանքային «ARMSAT-1» անուանումը, ունի 2մ օփթիքայի տարածքային թոյլատուութիւնը: SATLANTIS-էն նշած են, որ հայկական կողմին հետ ունեցած համաձայնագիրը դրականօրէն պիտի ազդէ հայաստանեան էքոհամակարգին վրայ` աւելցնելով ոլորտային մասնագէտներու եւ ճարտարապետներու թիւը:

Կը նշուի, որ յաջող մեկնարկէն յետոյ առաջին հայկական արբանեակը լաւ վիճակի մէջ է ու պատրաստ է յառաջիկայ 4 տարիներու ընթացքին կատարելու իր աշխատանքը: 26 Մայիսին «ARMSAT-1»-ը առաջին կապը հաստատած է Երկրին հետ, արբանեակին բոլոր ենթահամակարգերը անխափան վիճակի մէջ են:

Արբանեակի առաքելութեան մանրամասնութիւններն ու առաջին արդիւնքները պիտի ներկայացուին Երեւանի մէջ` Սեպտեմբերին տեղի ունեցող «Սթարմուս» փառատօնի ծիրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment