Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեմիրճեան-Պռօշեան Փողոցներու Խաչմերուկին Վրայ Զանգուածային Անկարգութեան Դէպքին Առթիւ Յարուցուած Է Քրէական Գործ. Կան Ձերբակալուածներ

Դեմիրճեան-Պռօշեան Փողոցներու Խաչմերուկին Վրայ Զանգուածային Անկարգութեան Դէպքին Առթիւ Յարուցուած Է Քրէական Գործ. Կան Ձերբակալուածներ

by MassisPost

Երեւանի Դեմիրճեան-Պռոշեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ Յունիս 3-ին կատարուած զանգուածային անկարգութեան դէպքին առթիւ Քննչական Կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ նոյն օրը յարուցուած քրէական գործի շրջանակներուն մէջ իրականացուած են քննչական ու դատավարական անհրաժեշտ գործողութիւններ:

Ոստիկանութենէն կը տեղեկացնեն, արդիւնքով պարզուած է, որ հաւաքի պահին, «Դիմադրութիւն» շարժման ղեկավարներուն կազմակերպմամբ եւ ուղղորդմամբ, մասնակիցները փորձած են ճեղքել Պռօշեան-Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին գտնուող ոստիկանական շղթան: Այնուհետեւ, հաւաքին մասնակիցները, չենթարկուելով հասարակական կարգի պահպանութիւն իրականացնող ոստիկաններու օրինական պահանջներուն, սկսած են զանգուածային անկարգութիւններ:

Մասնաւորապէս, քարերով, մետաղեայ ձողերով, շիշերով, ինչպէս նաեւ այլ առարկաներով հարուածներ հասցուցած են ոստիկանութեան ծառայողներուն` բռնութիւն գործադրելով անոնց նկատմամբ: Այդ կերպ փորձած են ճեղքել ոստիկանական շղթան` վտանգելով հասարակական անվտանգութիւնը:

Զանգուածային անկարգութեան մասնակիցներուն գործողութիւնները կասեցուած եւ խափանուած են: Այդ ընթացքին ոստիկանութեան չորս տասնեակէ աւելի ծառայողներ ստացած են մարմնական վնասուածքներ:

Տուժածներուն մէկ մասը բուժում կը ստանան: Դէպքին վայրը զննութեամբ յայտնաբերուած են բազմաթիւ քարեր, մետաղեայ եւ փայտեայ ձողեր, ապակեայ եւ փլասթիքէ շիշեր, ոստիկանական համազգեստի պատռուած կտորներ, պոկուած ուսադիրներ եւ այլ իրեր ու առարկաներ:

Յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ, Յունիս 4-ի ժամը 16-ի դրութեամբ, 13 անձ ձերբակալուած է:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment