Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Պետութիւններու Մեծամասնութեան Կողմէ Ընդգծուած Է ԼՂ Հակամարտութիւնը Համանախագահութեան Ձեւաչափին Մէջ Կարգաւորելու Անհրաժեշութիւնը. Արարատ Միրզոյեան

ԵԱՀԿ Պետութիւններու Մեծամասնութեան Կողմէ Ընդգծուած Է ԼՂ Հակամարտութիւնը Համանախագահութեան Ձեւաչափին Մէջ Կարգաւորելու Անհրաժեշութիւնը. Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

Սթոքհոլմի մէջ դեռ նախորդ տարի ԵԱՀԿ ամէնամեայ նախարարական խորհրդաժողովի ընթացքին ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւններու մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ յստակ ընդգծուած է ԼՂ հակամարտութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը, Ազգային Ժողովին մէջ այս մասին յայտնեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Անոր խօսքով` ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն գերակայութիւնը շարունակած են մնալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումը, ԼՂ հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ անոր մանտաթին ներքոյ:

2021-ի Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի, ապա Նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումները` ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութեան մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ: Հանդիպումներու ընթացքին հայկական կողմը ընդգծած է իր դիրքորոշումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը լիարժէքօրէն վերականգնելու առնչութեամբ: Վերահաստատուած է սահմանագօտին մէջ ապամագլցողութեան եւ մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ սադրանքներու եւ հայատեաց հռետորաբանութեան անընդունելիութիւնը:

Մինչեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով երկրորդ փարիզեան հանդիպումը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները միմեանց հանդիպած են նաեւ Հոկտեմբերին Մինսքի մէջ` Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ: Միւս հանդիպումը Մինսքի խումբին համանախագահութեան ձեւաչափով նախատեսուած էր կայացնել 1-3 Դեկտեմբերին, Սթոքհոլմի մէջ, ԵԱՀԿ ամէնամեայ նախարարական վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ, սակայն ատրպէյճանական կողմը հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ չեղարկած է այդ հնգակողմ հանդիպումը:

«Նախքան հնգակողմ հանդիպումը, առանձին հանդիպումների ընթացքում համանախագահները կողմերին էին ներկայացրել յստակ բանակցային օրակարգ: Յատկանշանական է, որ դրանից օրէր առաջ Վիեննայում տեղի ունեցած ԵԱՀԿ մշտական խորհրդի նիստում համանախագահները կրկին յստակօրէն արձանագրել էին իրենց մանտաթը եւ այս գործօններն էլ, համանախագահութեան ձեւաչափի եւ մանտաթի շուրջ ունեցած Ատրպէյճանի ընդհանուր վերաբերմունքին զուգահեռ, մեր կարծիքով, դարձան սթոքհոլմեան հանդիպման չեղարկման հիմնական պատճառները: Այնուամենայնիւ, Սթոքհոլմում ԵԱՀԿ ամէնամեայ նախարարական խորհրդաժողովի ընթացքում ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւնների մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ մի շարք միջազգային կազմակերպութիւնների բարձրաստիճան ներկայացուցիչների կողմից յստակ ընդգծուել է ԼՂ հակամարտութիւնը ԵԱՀԿ Մինսք խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում բանակցութիւնների միջոցով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնըօ, ընդգծեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment