Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Ժողովի Նախագահ Ալէն Սիմոնեանը Հայաստանի Մէջ Ներքաղաքական Ճգնաժամ Չի Տեսներ

Ազգային Ժողովի Նախագահ Ալէն Սիմոնեանը Հայաստանի Մէջ Ներքաղաքական Ճգնաժամ Չի Տեսներ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ, խորհրդարանին մէջ այսօր յայտարարեց Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը: Իշխող ուժին ներկայացուցիչը նոյնիսկ քաղաքական լարում չի տեսներ:

«Ընդդիմութեան գործելաոճը, եւ այն, ինչ որ անում են, իրենց իրաւունքն է, ի դէպ նաեւ յեղափոխութեան կողմից տրուած իրաւունքն է, եւ քաղաքացիները եթէ ցանկութիւն են ունենում նոր իշխանութիւն ձեւաւորելու, իրենք դա անում են ընտրութիւնների միջոցով: Մնացածն արդէն քաղաքական լոզունգներ են: Ես յարգանքով եմ վերաբերւում մեր գործընկերների գործունէութեանը, չնայած նրան, որ իրենք յաճախ իրենց թոյլ են տալիս վիրաւորանքներ, յարձակում», ըսաւ խորհրդարանի ղեկավարը:

Ալէն Սիմոնեանը վստահ է, որ անցեալ ամսուընէ իշխանափոխութեան պահանջով փողոց դուրս եկած ընդդիմութիւնը ըսելիք չունի ժողովուրդին: Ընդդիմութիւնը պայքարը սկսած է Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն յետոյ: Անոնք կը պնդեն, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը մտադիր է Արցախը ճանչնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

«Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար խնդրում եմ` թող իրենք, դուք բացէք` ինչ է նշանակում համայն, եկէք, առաջարկ անեմ` թող իրենց առաջարկը ձեւակերպեն, որն է այդ առաջարկը, այսինքն` երբ վիրաւորում են կամ գոռում են` միացիր, դա առաջա՞րկ է անվտանգութեան համար: Այն, ինչ որ իրենք պէտք է անէին անվտանգութեան համար, Դաշնակցութիւնը, Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, մօտաւորապէս 20 տարի ունեցել են, եւ իրենք որեւիցէ բան չեն արել», նշեց ԱԺ նախագահը:

Իսկ գործող իշխանութիւնը, ըստ Ալէն Սիմոնեանի, աւելի լաւ կ’ապահովէ երկրին անվտանգութիւնը, քան նախկինները. «Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը մեր իրավիճակից ելնելով` ՀՀ իշխանութիւնը ապահովում է շատ աւելի լաւ, քան այն դերակատարները, որոնք այսօր դրա մասին խօսում են, կարողացել են ապահովել կամ կը կարողանան այս իրավիճակում ապահովել»:

Ազգային Ժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ոստիկաններու գործողութիւններուն, մասնաւորապէս քաղաքացիները քաշքշելու եւ հարուածելու դէպքերուն: Ալէն Սիմոնեանը համոզուած է, որ նման միջադէպերը շատ չեն. «Մի դէպքն ընդհանրացնել եւ յոգնակի թիւով ներկայացնելը լրատուամիջոցին եւ ձեզ պատիւ չի բերում, որովհետեւ եթէ ձեզ ես հիմա խնդրեմ մէկ, երկու, երեք դէպք ասել, դուք դա չէք անի: Բացի երկու-երեք դէպքից, ընդհանուր առմամբ ոստիկանութիւնը…»:

Խորհրդարանի ղեկավարը չի կիսեր ընդդիմադիրներուն ու իրաւապաշտպաններուն այն տեսակէտը, որ ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կը կիրառէ ցուցարարներուն նկատմամբ, ճիշդ հակառակ կարծիքն ունի:

«Շնորհակալութիւն եմ եւս մէկ անգամ յայտնում, որ մեր միւս քաղաքացիների իրաւունքներն իրենք պահպանում են եւ թոյլ չեն տալիս, որ տարբեր փոքր այդ միջոցառումները, որ տեղի են ունենում, խանգարեն մնացած քաղաքացիների իրաւունքներին, բայց միեւնոյն», նշեց ԱԺ նախագահը:

Իշխող ուժի պատգամաւորները Ազգային Ժողովը լքած ու փողոցին մէջ պայքար սկսած իրենց գործընկերներուն Ազգային Ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն անդրադարձան: Անոնք ընդդիմութիւնը կը քննադատեն իշխանութիւնը զաւթելու փորձերու համար: Կը յայտարարեն, թէ իրենց ընդդիմախօսներուն պայքարը չի կրնար ստանալ ժողովուրդին աջակցութիւնը: «Քաղաքացիական Պայմանագրիր»ը համոզուած է, որ «Հայաստան» ու «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները սպառած են իրենց` որպէս ընդդիմութիւն:

«Ընդդիմադիրների գործողութիւններն իրօք միտուած են փրկելու կամ փրկուելու, բայց խօսքը բացառապէս գողացածի եւ իրենց փրկութեան մասին է», ըսաւ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment