Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պրիւքսէլի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Եւ Ատրպէյճանի Նախագահի Օգնականին Հանդիպումը

Պրիւքսէլի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Եւ Ատրպէյճանի Նախագահի Օգնականին Հանդիպումը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ երէկ կայացած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականին հանդիպումը: Այս մասին Թուիթըրով գրած է Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ վերջերս այցելած էր նախ Պաքու, ապա` Երեւան:

Եւրոպացի դիւանագէտը լուսանկար հրապարակած ու գրած է, որ ուրախ է նման ձեւաչափով արդէն երկրորդ հանդիպման համար: Թէ ինչ հարցեր քննարկած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները, պաշտօնապէս չէ հաղորդուած:

Աւելի առաջ խօսելով այս հանդիպման մասին, Գրիգորեան ըսած էր, որ այն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցեր պիտի ներառէ, այդ շարքին` խաղաղութեան համաձայնագրի նախապատրաստումը:

«Լայն առումով, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ կարող ենք տեղաւորել, որովհետեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, կարող ենք ասել, այս պահին մի քանի ուղղութիւններ ունեն: Դա եռակողմ աշխատանքային խումբն է` ապաշրջափակման թեմայով: Այս պահին քննարկւում է նաեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքային խմբերի ձեւաւորումը: Գրեթէ վերջնական փուլում է: Կարծում եմ` մօտակայ ժամանակներս արդէն կը յայտարարուի աշխատանքային խմբի ձեւաւորման մասին, եւ կը ձեւաւորուի այդ աշխատանքային խումբը, եւ կը սկսեն քննարկել սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերը: Կայ նաեւ խաղաղութեան օրակարգի քննարկման ուղղութիւնը, որ արտաքին գործերի նախարարների մակարդակով է: Կայ նաեւ, գիտէք, որ անվտանգութեան ուժերի ղեկավարների պարբերաբար հանդիպում, որը քննարկում է նաեւ ընդհանուր առմամբ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, որոշ հարցեր: Եւ կայ նաեւ իմ եւ Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպման հարթակը, որտեղ քննարկում ենք Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններին վերաբերող մի շարք հարցեր», նշած էր Գրիգորեան:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը, միեւնոյն ժամանակ, ըսած էր, որ եթէ պրիւքսէլեան հանդիպման ընթացքին ստանան բոլոր հարցերուն պատասխանները, ապա կրնայ քննարկուիլ նաեւ երկու երկիրներու առաջնորդներու հանդիպման հնարաւորութիւնը:

«Ինչ վերաբերում է ուղիղ հանդիպում կազմակերպելու մասին, ապա մենք նաեւ հանդիպում ենք, որպէսզի նախապատրաստական աշխատանքներ կատարենք», ըսած էր Գրիգորեան:

«Ազատութիւն»․ – Ասացիք, որ եթէ ինչ-որ հարցեր յստակացուին, հնարաւոր է հանդիպումը, ինչի՞ մասին է խօսքը:

Գրիգորեան․ – Դա բանակցութիւնների առարկայ է: Եկէք, բանակցութիւնների առարկայ թողնենք, հետագայում եթէ ինչ-որ յառաջընթաց ունենանք, մենք հանրութեանը դրա մասին կը տեղեկացնենք:

Օրերս Երեւանի մէջ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութեան անդամներու համատեղ խորհրդակցութեան ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաւաստիացուցած էր, որ խաղաղութեան օրակարգը ամենեւին ալ պարտութեան օրակարգ չէ, կարեւորելով Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու իրաւունքներու երաշխաւորումը:

Մինչդեռ բողոքի շարժումներ սկսած ընդդիմութիւնը կը կարծէ, որ խաղաղութեան օրակարգի պատրուակով իշխանութիւնը անհարկի զիջումներ կ’ընէ Ատրպէյճանին, եւ կը պահանջէ Փաշինեանի հրաժարականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment