Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Պատուիրակութիւնը Պատրաստ Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Բանակցութիւններուն․ Ալիեւ

Ատրպէյճանի Պատուիրակութիւնը Պատրաստ Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Բանակցութիւններուն․ Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի փոխտեղակալ էրիքա Օլսոնի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին:

Նախօրէին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած այդ հանդիպման, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, կը մասնակցէին ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի նախկին համանախագահ, վերջերս Պետական Քարտուղարութեան կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական նշանակուած Էնտրիւ Շոֆերը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները:

Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներն ու Իլհամ Ալիեւը, ատրպէյճանական կողմին համաձայն, միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու կայացման, հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերող հարցերու շուրջ:

«Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագրի հետ կապուած բանակցութիւններու մեկնարկին», կ’ըսուի ատրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանական կողմը անցեալ շաբաթ յայտարարած է, որ պատրաստ է Երեւան-Պաքու ձեւաչափով խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment