Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անգրագիտութիւնը Սողացող Ձեւով Կը Վերադառնայ Մեր Հանրութիւն․ Փաշինեան

Անգրագիտութիւնը Սողացող Ձեւով Կը Վերադառնայ Մեր Հանրութիւն․ Փաշինեան

by MassisPost

Յսռաջիկային բարդ քննարկումներ պիտի ըլլան Բարձրագոյն կրթութեան ու գիտութեան օրէնքին վերաբերեալ, կառավարութեան նիստին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Մենք բարձրագոյն կրթութեան ոլորտում ըստ էութեան մասշտաբային բարեփոխումներ իրականացնելու քաղաքական որոշումը վաղուց ենք կայացրել, դրա իրականացման լոճիսթիքայի հարցը պէտք է որոշենք եւ գնանք յառաջ», ըսաւ ան:

Ըստ Փաշինեանի` գիտութեան ոլորտին մէջ համակարգը արդէն գործարկուած է, մինչեւ 2026 թուականի մեր ծրագիրը յստակ յայտնի է, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ: «Սա կարեւոր բաղադրիչ է մեր պետութեան հետագայ զարգացման առումով, մեր հետագայ զարգացման անկիւնաքարային գործընթացն է, որը պէտք է կազմակերպուած ու բարեյաջող իրականացնենք», ըսաւ ան:

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ յաւելեց, որ կրթութիւնը մեզի համար հարցերու հարցն է, այսօր լրջագոյն խնդիրներ կան ոլորտին մէջ: 2019 թուականի հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անգրագիտութիւնը սողացող ձեւով կը վերադառնայ մեր հանրութիւն: «Թւում է, թէ նախորդ դարի առաջին կէսին մենք այդ խնդիրը յաղթահարել ենք, բայց հիմա եկէք առերեսուենք այդ խնդիրի հետ: Անգրագիտութիւնը արտայայտւում է մեր կեանքի բոլոր ոլորտներում», յաւելեց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment