Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընը Բանակցութիւններ Կը Վարէ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ` Հակամարտութեան Վերսկսման Յանգեցնող Հնարաւոր Քայլերը Կանխելու Համար

Ուաշինկթընը Բանակցութիւններ Կը Վարէ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ` Հակամարտութեան Վերսկսման Յանգեցնող Հնարաւոր Քայլերը Կանխելու Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ` կանխելու այն քայլերը, որոնք կրնան յանգեցնել հակամարտութեան վերսկսման: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը:

Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ լսումներու ժամանակ իրմէ խնդրած են մեկնաբանել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

«Այս հարցով ես շատ աշխուժօրէն ներգրաւուած եմ, այդ շարքին` կապուած Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին հետ: Ես բազմիցս խօսած եմ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի առաջին հերթին վստահ ըլլամ, որ ոչ ոք կը ձեռնարկէ որեւէ քայլի, որ կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան վերսկսման, նաեւ կը փորձեն նպաստել եւ աջակցիլ երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման», պատասխանած է պետական քարտուղարը` յաւելելով, որ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment