Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էտմոն Մարուքեանը` Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան

Էտմոն Մարուքեանը` Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան

by MassisPost

Էտմոն Մարուքեանը նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան: Վարչապետին որոշումը հրապարակուած է egov.am-ի մէջ:

Որոշման յաջորդեց Մարուքեանի ֆէյսպուքեան գրառումը, ուր կը տեղեկացնէ. «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութեամբ ներգրաւուելու եմ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառում` ստանձնելով Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպանի կարգավիճակը:

Մեր պետութեան եւ տարածաշրջանի համար ստեղծուած այս բարդ ժամանակաշրջանում բարձր պատասխանատուութեամբ շարունակելու եմ ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ սպասարկել ազգային-պետական շահերը»:

Մարուքեանը «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահն է, նախկին պատգամաւոր: Եղած է 2016-ին կազմաւորուած «Ելք» դաշինքի անդամ` կազմուած ԼՀԿ-էն, Նիկոլ Փաշինեանի անդամակցած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն եւ Արամ Սարգսեանի առաջնորդած «Հանրապետութիւն»էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment