Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ը 306 Հազար Դեղաչափ «Pfizer» Նուիրած Է Հայաստանին

ԱՄՆ-ը 306 Հազար Դեղաչափ «Pfizer» Նուիրած Է Հայաստանին

by MassisPost

Հայաստանին տրամադրուած է 306 հազար դեղաչափ «Pfizer» պատուաստանիւթ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը` նշելով, որ սա ԱՄՆ-ի կառավարութեան նուիրատուութիւնն է Հայաստանին:

ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած է նաեւ մօտ 15 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն, մասնաւորապէս` 12 հազար PCR քննութիւն, թթուածինի խտացուցիչներ, ալքոհոլային ու քլորինային հիմքով ախտահանիչներ:

«Ուրախ ենք մեր փոխգործակցութեան ծիրին մէջ ապահովելու COVID-19-ի պատուաստանիւթի այս խմբաքանակի նուիրատուութիւնը Հայաստանին: Անվտանգ եւ արդիւնաւէտ պատուաստանիւթը համավարակին վերջ դնելու հարցով խիստ էական է: Պատուաստուած ըլլալով` մենք կը կրճատենք COVID-19-ով վարակուելու եւ վարակը տարածելու վտանգը: Պատուաստուած ըլլալը նաեւ կ’օգնէ վարակուելու պարագային խուսափելու սուր ընթացքէն ու մահուան ելքէն»,  ըստ նախարարութեան, ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment