Գլխաւոր դատախազութիւնը դատարանէն պահանջած է «Վսթրեչի Ապեր» մականունով յայտնի Արամ Վարդանեանէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած 2 անձերէ յօգուտ Հայաստանի բռնագանձել ենթադրեալ ապօրինի ծագման գոյքը:
Դատախազութիւնը կը նշէ, որ մասնաւորապէս պահանջած է բռնագանձել Երեւան քաղաքին մէջ գտնուող 10 բնակարանները, բնակելի տուները, խանութը, շինութիւնները, Կոտայքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ գտնուող 4 հողամասերը, 2 փոխադրամիջոցները, իսկ անհնարինութեան պարագային` անոնց միջին շուկայական արժէքը, որ ընդհանուր կը կազմէ 870.997.100 դրամ:
Դիմումը ներկայացուած է Յունուար 20-ին, այն ընդունուած է վարոյթ: Սա ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ չորրորդ հայցադիմումն է:
Իրաւապահները ուսումնասիրած են նաեւ աւելի քան մէկ տարի առաջ մահացած, փտածութեան յանցագործութիւններու համար մեղադրուող զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի, Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի, փոխադրութեան նախկին նախարար Գագիկ Բեկլարեանի, բնապահպանութեան նախկին նախարար Արամ Յարութիւնեանի, ԱԱԾ գնդապետ Սերոբ Յարութիւնեանի, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր` հետախուզման մէջ գտնուող Լեւոն Սարգսեանի դստեր, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Գալուստ Սահակեանի որդիին` Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ Արման Սահակեանին պատկանող գոյքն ու դրամական միջոցները: Արամ Յարութիւնեանի, Վլատիմիր Գասպարեանի, Սերոբ Յարութիւնեանի գործերը արդէն դատարանն են: Ընդհանուր առմամբ, կ’ուսումնասիրուի աւելի քան 200 գործ: