Home Uncategorized Իրանի Նախագահը Անդրադարձած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախագիծին

Իրանի Նախագահը Անդրադարձած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախագիծին

by MassisPost

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:

Ռայիսի նշած է, որ Իրան կ’աջակցի Կովկասեան տարածաշրջանի հետ հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու բացման որեւէ գործողութիւններու եւ հարթակներու՝ յարգելով բոլոր երկիրներու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը։

Ինչպէս տեղեկացուցած է Իրանի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, Ռայիսի ըսած է, որ Թեհրանը Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս կարեւոր տարածաշրջան, որ խաղաղութեան կարիք ունի:

Անոր խօսքով՝ Իրանի քաղաքական գիծը տարածաշրջանին նկատմամբ չէ փոխուած, եւ պէտք է հոգ տանիլ, որպէսզի կովկասեան տարածաշրջանը չդառնայ արտատարածաշրջանային երկիրներու բախումներու եւ միջամտութեան ասպարէզ, իսկ հարցերը պէտք է լուծեն տարածաշրջանի երկիրները։

Իրանի նախագահը ընդգծած է վերջերս Թեհրանի մէջ կայացած «3+3» հանդիպման բարեյաջող կայացումը՝ զայն համարելով տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման եւ կարգաւորման կառուցողական քայլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment