Home Uncategorized Ներդրումային Կոմիտէն Նախնական Հաւանութիւն Տուած Է Շիրակի Մէջ Չոր Նաւահանգիստ Ստեղծելու Ծրագրին

Ներդրումային Կոմիտէն Նախնական Հաւանութիւն Տուած Է Շիրակի Մէջ Չոր Նաւահանգիստ Ստեղծելու Ծրագրին

by MassisPost

Ներդրումային Կոմիտէի նիստին ներկայացուած են «Շիրակի մարզին մէջ չոր նաւահանգիստի» նախագիծին մանրամասնութիւնները:

Նախագիծը, ըստ Տնտեսութեան նախարարութեան, պիտի նպաստէ բեռներու տեղաշարժի արագացման, բեռնափոխադրումներու իրականացման որակի բարձրացման ու ծաւալի աւելացման: Հետեւաբար, պիտի ստեղծուի չոր նաւահանգիստ՝ ազատ տնտեսական գօտի հանդիսացող արդիւնաբերական պարկերու միջոցով, «Հայաստանը պիտի դառնայ տարանցիկ փոխադրութեան եւ արտահանման կեդրոնացուած արտադրական հանգոյց», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

2022-ին Տնտեսութեան նախարարութիւնը առաջարկած է չոր նաւահանգիստ կառուցել Շիրակի մարզին մէջ` օդակայանին մօտ, այն անմիջական հասանելիութիւն պիտի ունենայ երկաթգիծին, օդանակայանին, պիտի գտնուի Հիւսիս-հարաւ ճանապարհին վրայ։

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան նշած է, որ նախագիծի իրագործման շնորհիւ Կիւմրիի մէջ պիտի ստեղծուին հազարաւոր աշխատատեղեր, ճանապարհային փոխադրութեան հանգոյց, որ օդային, ցամաքային եւ երկաթուղային կապով կապուած պիտի ըլլայ մօտակայ նաւահանգիստներու եւ խոշոր ճանապարհային փոխադրութեան երակներու հետ: Վահան Քերոբեանի խօսքով՝ ծրագիրը տնտեսական մեծ արդիւնք պիտի ըլլայ ոչ միայն Շիրակի մարզի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի համար:

Տնտեսութեան նախարարը յաւելած է, որ ծրագիրը համարկուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ կը հանդիսանայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի հիւսիսարեւմտեան հանգոյցը, որ իրագործման պարագային արդէն պիտի ապահովէ Հայաստանի կապուածութիւնը նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն հետ:

Վահան Քերոբյեանի ներկայացմամբ՝ կառավարութիւնը ունի ներդրման իր հատուածը, որ կը կազմէ 37 միլիոն տոլար, բայց նաեւ պիտի ներգրաւուին մեծ օտարերկրեայ ներդրողներ, որոնք պէտք է ըլլան չոր նաւահանգիստը գործարկողները, եւ որոնց ներդրումներուն ծաւալները էապէս աւելի մեծ պիտի ըլլան:

Ծրագրին իրականացումը կը նախատեսուի 5-7 տարուայ ընթացքին։

Քննարկման բերումով որոշում կայացուած է նախնական հաւանութիւն տալ նախագիծին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment