Home Uncategorized Մոսկուա Կրկին Կը Յայտարարէ՝ Ատրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Փոխադրութեան Կապը Պէտք Է Վերահսկեն Ռուս Սահմանապահները

Մոսկուա Կրկին Կը Յայտարարէ՝ Ատրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Փոխադրութեան Կապը Պէտք Է Վերահսկեն Ռուս Սահմանապահները

by MassisPost

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան իններորդ կէտով կը նշուի՝ Հայաստանը կ’երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը՝ քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Ճանապարհային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ’իրականացնեն Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:

Այդ յայտարարութեան եւ մինչ օրս հրապարակուած որեւէ այլ փաստաթուղթի մէջ յստակ չի նշուիր՝ ինչպէս Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութիւնները պիտի իրականացնեն վերահսկողութիւնը, ինչ մեխանիզմներով եւ ինչ կէտերու մէջ։ Մոսկուան, սակայն, այսօր կրկին պնդած է, որ տարածաշրջանի ապաշրջափակման նոյն ինքն այդ պայմաններով պատրաստ է աջակցելու, եւ այդ նպատակով կողմերուն միջեւ անցած տարիներուն 12 հանդիպում կազմակերպած է՝ փոխվարչապետերի մակարդակով։

«Մենք շատ մօտ ենք փաթեթային լուծման, որ ձեռնտու պիտի ըլլայ կողմերուն։ Ցաւօք սրտի, այս հարցերուն դեռ կարելի չէ եղած վերջակէտ դնել։ Մէկուն կը բացակայի այդ ընելու քաղաքական կամքը, եւ այդ մենք չենք։ Ինչպէս նախապէս, մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւնները բանալու համար»,  նշած է Զախարովան:

Միաժամանակ ան ըսած է, որ Հայաստանի վարչապետին ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը համահունչ է այն առաջարկներուն, որոնք քննարկուած են Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ։ Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան՝ այդ հարցին շուրջ քննարկումները կրնան շարունակուիլ Թուրքիոյ մէջ «3+3» ձեւաչափի յաջորդ հանդիպման ժամանակ Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց երեք հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ, Իրանի ու Ռուսաստանի այդ հանդիպումը նախատեսուած է յաջորդ տարուան սկիզբը։

Պաշտօնական Մոսկուան կրկին կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրութեան կապը պէտք է վերահսկեն ոչ թէ հայերը, այլ Ռուսաստանի անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահները։ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան պնդած է, որ այդ մասին նշուած է Նոյեմբեր 9-ի եւ անկէ յետոյ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն մէջ։

«Իմ նշած եռակողմ պայմանագրերուն համաձայն՝ ճանապարհային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ պէտք է վերահսկուի ՌԴ Անվտանգութեան ծառայութեան սահմանային ծառայութեան կողմէ», ըսած է ան։

Հայկական կողմը կը պնդէ՝ երբեք եւ որեւէ փաստաթղթով չէ ստանձնած սահմանային վերահսկողութիւնը երրորդ երկրի յանձնելու պարտաւորութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment