Home Uncategorized «ՌԴ-ն Հայաստանէն Յստակ Արձագանգ Եւ Հերքում Կը Սպասէ». Զախարովան՝ Պրիւքսէլեան Հանդիպման Ընթացքին ԱՄՆ-ի Եւ ԵՄ-ի Հետ «Ռազմաքաղաքական Պայմանաւորուածութիւն» Ձեռք Բերելու Լուրերուն Մասին

«ՌԴ-ն Հայաստանէն Յստակ Արձագանգ Եւ Հերքում Կը Սպասէ». Զախարովան՝ Պրիւքսէլեան Հանդիպման Ընթացքին ԱՄՆ-ի Եւ ԵՄ-ի Հետ «Ռազմաքաղաքական Պայմանաւորուածութիւն» Ձեռք Բերելու Լուրերուն Մասին

by MassisPost

Ռուսաստանը Հայաստանէն յստակ արձագանգ կը սպասէ մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկատուութեան՝ Պրիւքսէլի բանակցութիւններուն մասին։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։ «Ռուսաստանը Հայաստանէն յստակ արձագանգ եւ հերքում կը սպասէ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան հետ «ռազմաքաղաքական պայմանաւորուածութիւններու» մասին մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկութիւններէն յետոյ»,- ըսած է ան։

«Աւելի վաղ Երեւանը հրապարակաւ կը վստահեցնէր, որ Արեւմուտքի երկիրներուն հետ համագործակցութեան զարգացումն ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ: Մենք, հաշուի առնելով այս գործօններուն համադրութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւններէն կը սպասենք յստակ արձագանգ յայտնուած տեղեկատուութեան։ Եւ իտէալականը՝ անոնց հերքում»,- ըսած է դիւանագէտը՝ մեկնաբանելով Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի, ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի հանդիպումը եւ տեղեկութիւնները, թէ իբր անոնց ժամանակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ։

Ռուսաստանը պիտի չզարմանայ, եթէ պարզուի, որ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպման ժամանակ Հայաստանին իսկապէս պարտադրուած են ռուսական ռազմակայանը եւ սահմանապահները արեւմտեան մասնագէտներով փոխարինելու ծրագրեր»,- յաւելած է Զախարովան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment