Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքըն Եւ Լը Տրիան Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը

Պլինքըն Եւ Լը Տրիան Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Քիեւ, Մոսկուա եւ Պերլին կատարած այցելութիւնները: Այս մասին ֆրանսական դիւանագիտութեան ղեկավարը գրած է Թուիթըրի իր էջով:

Պետական քարտուղարութեան տեղեկութիւններով` Պլինքըն եւ Լը Տրիան զրոյցի ընըացքին քննարկած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքը: Խօսքը, ըստ ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան, կը վերաբերի «Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող այն աջակցութեան, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող չլուծուած խնդիրները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment