Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատերազմի Հանգամանքներու Ուսումնասիրման Նպատակով Ստեղծուած Է ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողով

Պատերազմի Հանգամանքներու Ուսումնասիրման Նպատակով Ստեղծուած Է ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողով

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողով, նշուած է ԱԺ նախագահի տեղակալ, ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ:

Յանձնաժողովին լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովը:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը անցնող Յուլիս 26-ին յայտարարեց 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները քննող յանձնաժողով ստեղծելու որոշման մասին, որուն մէջ պիտի ներառուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը:

Յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկ կառավարութեան կատարած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը պատերազմէն յետոյ: Սակայն Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին ընթացք չէր տուած իշխանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment