Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Կը Չէզոքացնէ Հայաստանի Տարածքին Գործող Լրտեսական Ցանց․ 19 Անձ Ձերբակալուած Է

ԱԱԾ-ն Կը Չէզոքացնէ Հայաստանի Տարածքին Գործող Լրտեսական Ցանց․ 19 Անձ Ձերբակալուած Է

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը յայտնէ, որ բացայայտած եւ չէզոքացուցած է Հայաստանի տարածքին գործող լրտեսական ցանցի գործունէութիւնը:

ԱԱԾ-ն կը մանրամասնէ` օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները Հայաստանի տարածքին ստեղծած են գործակալական ցանց, որու կազմին մէջ ներգրաւած են զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու մէջ ծառայող անձեր:

Լրտեսական գործունէութիւն իրականացուցած անձեր, ինչպէս Ծառայութիւնը կը նշէ, ընկերային ցանցերու մէջ ստեղծած են իգական սեռի ներկայացուցիչներու տուեալներով կեղծ անհատական էջեր` հայուհիներու տուեալներով եւ լուսանկարներով: Անկէ ետք հայերէնին ազատօրէն տիրապետող օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչները ծանօթութիւններ հաստատած են ՀՀ զինուած ուժերու մէջ տարբեր պաշտօններ զբաղեցնող անձերու հետ, ծանօթութիւնները վերածած են մտերիմ յարաբերութիւններու, իսկ այնուհետեւ նաեւ` առաջարկած են գումարի դիմաց համագործակցիլ իրենց հետ եւ տրամադրել ռազմական բնագաւառին վերաբերող տեղեկութիւններ, մասնաւորապէս` Հայաստանի զինուած ուժերու տարբեր զօրամասերու տեղակայման վայրերու, անձնակազմի, զէնքի, զինամթերքի, զինուորական սարքերու քանակի եւ տեսակի, զօրամասերու եւ անոնց հրամանատարական կազմի, պաշտպանական շրջաններու, ճարտարապետական կառոյցներու, սարքաւորումներու եւ այլնի վերաբերեալ:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան փոխանցմամբ, նշուած եղանակով լրտեսական գործունէութիւն իրականացուցած անձեր գործակալական ցանցին մէջ ներգրաւած են շուրջ երկու տասնեակ Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնք ի պաշտօնէ հնարաւորութիւն ունեցած են առնչուելու պետական ու ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններու եւ փաստաթուղթերու հետ:

Վերոյիշեալ զինուորները գումարի դիմաց, բջիջային տարբեր յաւելուածներու միջոցով, օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն մաս-մաս փոխանցած են ռազմական կամ այլ բնոյթի տեղեկութիւնները, ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան կատարած են դաւաճանական գործողութիւններ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ցանցին մէջ ներգրաւուած ՀՀ քաղաքացիներուն ինքնութիւնները բացայայտուած են, պարզուած են փոխանցուած ռազմական եւ այլ բնոյթի տեղեկութիւններու ծաւալն ու բովանդակութիւնը, խափանուած են թշնամական գործունէութիւն իրականացնելու համար նոր տեղեկութիւններու հետագայ փոխանցումը, կը յայտնէ ԱԱԾ-ն:

Քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին պետական դաւաճանութիւն կատարելու մէջ անմիջականօրէն ծագած կասկածանքի հիման վրայ ձերբակալուած են ընդհանուր թիւով 19 անձ, որոնց մէկ մասը տուած է խոստովանական ցուցմունքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment