Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմադիր 6 Պատգամաւոր Յայտնուած Են Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Օրէնքի Թիրախին

Ընդդիմադիր 6 Պատգամաւոր Յայտնուած Են Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Օրէնքի Թիրախին

by MassisPost

Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու 6 պատգամաւորներու պատկանող գոյքի ծագումին օրինականութիւնը կ’ուսումնասիրուի ՀՀ Դատախազութեան` Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ:

Սահմանադրական դատարանէն յայտնած են, որ Ազգային Ժողովի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն 26 պատգամաւոր` խորհրդարանին մէկ հինգերորդը, դիմած են Սահմանադրական դատարան` «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը հակասահմանադրական ճանչնալու հայցով:

Սահմանադրական դատարանէն պարզաբանեցին, որ յայտը տակաւին վարոյթ չէ ընդունուած եւ նախնական ուսումնասիրութեան փուլին մէջ է:

Դատարան դիմած պատգամաւորներուն անունները ի յայտ կու գան հայցի վարոյթ ընդունուելու պարագային: Մինչ այդ, «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն մեծ մասը կը վիճարկէ օրէնքի մը սահմանադրականութիւնը, որ անմիջապէս կը վերաբերի իրենց պատգամաւոր գործընկերներու անձնական շահերուն:

«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը ընդունուած է 2020 թուականի Ապրիլ 16-ին:  Ըստ օրէնսդրական փաթեթի հիմնաւորման, «առանց մեղադրական դատավճռի ակտիւների բռնագանձման մեխանիզմը․․․ թոյլ է տալիս անօրինական ճանապարհով ստացուած գոյքի վրայ արգելանք կիրառել եւ այն բռնագանձել առանց անձի նկատմամբ մեղադրական դատավճռի կայացման: Սա յատկապէս կարեւոր գործիք է, այն դէպքերի համար, երբ քրէական հետապնդումն իրականացնելն անհնար է առարկայական պատճառներով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment