Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերաքննիչ Դատարանի Որոշմամբ` Մայոր Նարեկ Երիմեան Կալանաւորուած Է

Վերաքննիչ Դատարանի Որոշմամբ` Մայոր Նարեկ Երիմեան Կալանաւորուած Է

by MassisPost

Վայոց ձորի սահմանային հատուածէն Նոյեմբերի կէսերուն գերեվարուած, ապա Դեկտեմբերի սկիզբը հայրենադարձուած մայոր Նարեկ Երիմեան վերաքննիչ դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է։ Աւելի վաղ առաջին ատեանի դատարանը մերժած էր զինուորականը կալանաւորելու Քննչական կոմիտէի միջնորդութիւնը։

Իրաւապահները Երիմեանը կը մեղադրեն մարտական ծառայութեան կանոնները խախտելու համար։ Նոյեմբեր 16-ի մարտերու ընթացքին գերեվարուած, ապա հայրենադարձուած արդէն հինգերորդ զինուորականն է, որ կը կալանաւորուի նոյն մեղադրանքով։

Գումարտակի բարոյահոգեբանական ապահովման գծով տեղակալ, մայոր Նարեկ Երիմեանի փաստաբան՝ Քարմէն Պօղոսեան «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ իր պաշտպանեալը եւ միւսները չեն հասցուցած դիմակայել դիրքեր ներխուժած ատրպէյճանցի զինուորականները. – «Մենք ընդունել ենք առաջադրուած մեղադրանքն այն ծաւալով, որ չի հասցրել իր առջեւ դրուած պարտականութիւնը՝ այդ պահին դիրք մտած թշնամուն ոչնչացնելը, չի հասցրել կատարել»։

Փաստաբանը նշեց, որ քննութեան աւարտին գնահատականներ կու տան, թէ արդեօք դիրքերը պահպանող Երիմեան եւ միւսները այլ ելք, քան գերեվարուիլը ունէին։ Իր գնահատմամբ, նման այլընտրանք այդ իրավիճակին չկար. – «Մեր զինուորներն ու սպաները՝ պայմանագրայիններ ու շարքայիններ, չեն յանձնուել։ Հանգամանքների բերումով ստացուել ա, որ գերեվարուել են, բայց նրանք դիրքը չեն թողել, դիրքից փախուստի չեն դիմել ու չեն յանձնուել»։

Ըստ Քննչական կոմիտէին, մայոր Երիմեան խախտած է կանոնակարգը, որու հետեւանքով Ատրպէյճանի զինծառայողները ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք եւ գերեվարած դիրքը մնացած զինծառայողները, իսկ մարտական դիրքը անցած է հակառակորդին։

Քննչական կոմիտէէն «Ազատութիւն»-ին աւելի վաղ յայտնած էին, որ մարտական հերթափոխութիւն կատարող դիրքերու զինծառայողները, տեղեկանալով հակառակորդի յարձակման մասին, ունենալով զէնք կիրառելու իրաւասութիւն, մարտական դիրքի վրայ յարձակող հակառակորդի զինծառայողները վնասազերծելու, զինաթափելու փոխարէն փորձած են բանակցութիւններ վարել անոնց հետ։ Ատրպէճանցիները փորձած են գերեվարել հայ զինուրները, վերջիններս մարտեր մղելու փոխարէն թողած են մարտական դիրքերը եւ դիմած փախուստի, որու հետեւանքով Ատրպէճանի զինուած ուժերու զինծառայողները ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք՝ մարտական դիրքեր, որոնք անցած են հակառակորդի վերահսկողութեան տակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment