Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կուսակցական Գործունէութեան Պատճառաւ Կարգալոյծ Հռչակուած Է Տէր Ղազար Քահանայ Պետրոսեանը

Կուսակցական Գործունէութեան Պատճառաւ Կարգալոյծ Հռչակուած Է Տէր Ղազար Քահանայ Պետրոսեանը

by MassisPost

Երէկ՝ Դեկտեմբեր 27-ին, Մայր Աթոռը յայտարարութիւն տարածած էր, որ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մասեացոտնի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տ. Ղազար քահանայ Պետրոսեան։ Ըստ Մայր Աթոռին՝ անոր  համար հիմք ծառայած է «Ղազար քահանայի կողմից հոգեւոր վերադաս իշխանութեան նկատմամբ դրսեւորած անհնազանդութիւնը, եկեղեցականի կոչմանն ու առաքելութեանը անհարիր կուսակցական գործունէութեամբ ու քարոզչութեամբ զբաղուելը եւ Մայր Աթոռի Կարգապահական յանձնախմբի հետ հանդիպելու հրաւէրները մերժելը»:

Յիշեցնենք, որ արդէն նախկին քահանան 2019-2020 թուականներուն իր քաղաքական ոչ ստոյգ յայտարարութիւններու եւ ելոյթներու համար երկու անգամ փիլոնազրկուած էր։

Իսկ երրորդ անգամ փիլոնազրկուած էր՝ աջակցելով կուսակցութեան, որ կը կոչուի «Քրիստոնեայ Հայաստան», եւ որ Ապարանի, Արտաշատի, Վեդիի եւ քանի մը այլ համայնքներու մէջ մասնակցած էր ՏԻՄ ընտրութիւններուն՝ սատարելով նախկին իշխանութեան հետ կապուած թեկնածուներու։ Օրինակ՝ Ապարանի մէջ, այս կուսակցութիւնը դաշինքով առաջադրած էր  գործող համայնքապետ՝ Կարէն Եղիազարեանին, իսկ Արտաշատի մէջ սեփական թեկնածու առաջադրած էր ։

Անդրադառնալով իր կարգալոյծ հռչակուելու մասին Մայր Աթոռի յայտարարութեան՝ տէր Ղազար Բիւրաւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ էջով պատասխան յայտարարութիւն տարածած է՝ «գահընկեց հռչակելով» Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը ։

«Կուսակրօնութեան ուխտը խախտելու, Հաւատացեալ Հայ Քրիստոնեաներին հալածելու եւ Քրիստոնեայ Հայաստանին թշնամաբար վնասելու համար գահընկեց է հռչակուել Գարեգին Բ Ներսիսեան Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսը եւ յետայսու կը դասուի աշխարհականների շարքը` Կտրիճ Ներսիսեան անունով»,- նշուած է յայտարարութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment