Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեք Զինուորի Սպաննութեան Մէջ կը Կասկածուի Համածառայակիցը

Երեք Զինուորի Սպաննութեան Մէջ կը Կասկածուի Համածառայակիցը

by MassisPost

2021-ի Օգոստոս 19-ի ժամը 01:30-ի սահմաններուն, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանը յայտնաբերուած են նշուած մարտական դիրքի մարտական հերթապահութիւն կատարող, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ, շարքայիններ՝ Գոռ Արտակի Սահակեանի, Լեւոն Ռաֆայէլի Յարութիւնեանի եւ Մուրատ Աշոտի Մուրատեանի դիակները՝ հրազէնային վնասուածքներով:

Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան երկրորդ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ:

Նոյն օրը՝ ժամը 17:40-ի սահամաններուն, նշուած յանցագործութիւնը կատարելու, ապօրինաբար դիտաւորութեամբ վերը նշուած զինծառայողները կեանքէն զրկելու կասկածանքով ձերբակալուած է անոնց համածառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող՝ Ա.Հ-ն: Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment