Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Մասնակցած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

Վարչապետը Մասնակցած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, Խրխզիստան աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, այսօր՝ Օգոստոս 19-ին մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին։

«Չոլփոն-Աթա» պետական համալիրի մէջ ՀՀ վարչապետը եւ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու միւս վարչապետերը դիմաւորած է Խրխզիստանի նախարարներու գրասենեակի նախագահ՝ (վարչապետ) Ուլուքպեք Մարիփովը։ ԵԱՏՄ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու ձեռնուելու եւ համատեղ լուսանկարահանումի արարողութենէն ետք սկիզբ առած է նեղ կազմով նիստը։

Նիստին քննարկուած են Միութեան գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։ Անդրադարձ եղած է ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու փոխադարձ եւ արտաքին առեւտուրի ապահովագրական աջակցութեան միջոցառումներուն, համաշխարհային կլիմայական օրակարգի իրագործման շուրջ ընդհանուր մօտեցումներու մշակման ուղղութեամբ ընելիքներուն եւ այլն։

ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստի աշխատանքները կը շարունակուին վաղը՝ Օգոստոս 20-ին, ընդլայնուած կազմով հանդիպման շրջանակէն ներս, ուր կը նախատեսուի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը, տեղեկացուցած են կառավարութենէն։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment