Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջիկայ Հինգ Տարիներուն Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Արտաքին Հետախուզական Ծառայութիւն

Առաջիկայ Հինգ Տարիներուն Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Արտաքին Հետախուզական Ծառայութիւն

by MassisPost

«Առաջիկայ հինգ տարիներին Հայաստանում ստեղծուելու է Արտաքին հետախուզական ծառայութիւն», այսօր՝ Օգոստոս 18-ի կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ ներկայացնելով կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագիրը։

Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը պիտի սահմանուի 85 հազար դրամ։ Նուազագոյն ամսական աշխատավարձը Հայաստանի մէջ վերջին անգամ բարձրացած է 2020-ի Յունուար 1-ին, երբ 55 հազար դրամէն դարձաւ 68 հազար դրամ։

Ըստ Փաշինեանին՝ առաջիկայ հինգ տարիներուն Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի եւ նորոգուի 300 դպրոց ու 500 մանկապարտէզ։

Ան նաեւ նշեց, որ բոլոր ընտանիքներու իւրաքանչիւր երրորդ եւ աւելի երեխան` մինչեւ վեց տարեկան, ամէն ամիս կը ստանայ 50 հազար դրամ։

Կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագրին համաձայն, կը նախատեսուի մինչեւ 2026 ապահովել տարեկան միջինը 7 տոկոս տնտեսական աճ, իսկ արտաքին բարենպաստ պայմաններու պարագային՝ 9 տոկոս։

Ծրագրով կը նախատեսուի նաեւ մինչեւ 2026 երկրի աղքատութեան մակարդակը նուազեցնել գրեթէ կրկնակի` զայն հասցնելով 10 տոկոսի շեմին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment