Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրանական Բեռնատարերու ԼՂ Մտնելու Վերաբերեալ Պաքու Բողոքած Է Թեհրանին

Իրանական Բեռնատարերու ԼՂ Մտնելու Վերաբերեալ Պաքու Բողոքած Է Թեհրանին

by MassisPost

Ատրպէյճանը բողոքի գիր յղած է Իրանի դեսպանին. Պաքուն դժգոհ է, իրանական բեռնատարերու «առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թոյլտուութեան» Լեռնային Ղարաբաղ մուտք գործելուն վերաբերեալ։

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, դժգոհութիւնը փոխանցելու համար Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը հրաւիրուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն։

Դեսպանին հաղորդուած է, որ վերջերս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկանող, տարբեր նպատակներու համար նախատեսուած ինքնաշարժները «անընդհատ կը մտնեն եւ դուրս կ’ելլեն Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան՝ առանց պաշտօնական Պաքուի թոյլտուութեան»:

Ատրպէյճանական կողմը ընդգծած է, որ այս թեմայով նախապէս եւս հնչած են դժգոհութիւններ, որոնք սակայն, փոխանցուած են բանաւոր կարգով։ Այժմ Պաքուն գրաւոր յոյս յայտնած է, որ «Իրանի նոր վարչակազմը գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ՝ կանխելու բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ոգիին չհամապատասխանող քայլերը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment