Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Նախագահը եւ ՍԴՀԿ Ներկայացուցիչները Քննարկած են Հայաստանի Ներքաղաքական Իրավիճակին Վերաբերող Հարցեր

ԱԺ Նախագահը եւ ՍԴՀԿ Ներկայացուցիչները Քննարկած են Հայաստանի Ներքաղաքական Իրավիճակին Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

ՀՀ ԱԺ նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան Օգոստոսի 11-ին հիւրընկալած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Խաչիկ Քեշիշեանը եւ Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանը:

Ինչպէս տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, ողջունելով հիւրերը՝ խորհրդարանի ղեկավարը կարեւորած է կուսակցութեան մասնակցութիւնը արտախորհրդարանական ուժերու միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան նոր ձեւաչափին: Ալեն Սիմոնեան արժեւորած է ՍԴՀ կուսակցութեան հետ փոխգործակցութիւնը՝ այդ շրջածիրէն ներս առանձնացնելով Սփիւռքի հայ համայնքներու վերջինիս ունեցած դերակատարութիւնը:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեան, անդրադառնալով Հայաստանի յետպատերազմեան իրավիճակին ու երկրի ապագային, կարեւորած է օրէնսդիր մարմնի գործունէութիւնը, առաջիկային ընդունուելիք օրէնքներն ու որոշումները:

«Կողմերը քննարկեցին երկրի ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր. արտաքին մարտահրաւէրների յաղթահարման տեսանկիւնից առանցքային համարուեց քաղաքական ուժերի միասնականութիւնը՝ անկախ ունեցած տարակարծութիւններից»,- յայտնած են ՀՀ ԱԺ-էն:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment