Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Արցախի Մարտական Դիրքերու Ուղղութեամբ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Կիրառած Է. ՊԲ

Ատրպէյճանը Արցախի Մարտական Դիրքերու Ուղղութեամբ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Կիրառած Է. ՊԲ

by MassisPost

Այսօր՝ Օգոստոս 11-ի առաւօտեան ատրպէյճանական զինուժը Արցախի մարտական դիրքերու ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած է, հաղորդած է Պաշտպանութեան բանակը։
Հաղորդուած է, որ հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած:

Միջադէպի մանրամասնութիւններուն մասին հայկական կողմը տեղեկատւութիւն տրամադրած է Արցախ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Ատրպէյճանի սադրանքներուն Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեանը։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Կարապետեան շեշտած է խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս ատրպէյճանական կողմէն ժամանակ առ ժամանակ կատրուող սադրանքներու եւ հրադադարի ռեժիմի խախտումներու անթոյլատրելիութիւնը եւ որպէս օրինակ նշած այսօրուայ արձանագրուած հարուածային անօդաչուի կիրառումը։

Արցախի արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբաեան Ատրպէյճանի նման վարքագիծը պայմանաւորած է նախորդ երկու օրերուն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի այցով Հայաստան։

«Բնական է, որ սադրանքների հմուտ մասնագէտներ են։ Դրանով փաստօրէն փորձում են վարկաբեկել ՀԱՊԿ-ը, որովհետեւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը Հայաստանում է, իսկ իրենք անօդաչու թռչող սարք են կիրառում։ Ի հարկէ, այդ անօդաչու թռչող սարքի կիրառումը որեւէ բան չի փոխում սահմաններում, որեւէ ձեւով չի ազդում ուժերի դասաւորուածութեան վրայ։ Այսինքն՝ որեւէ մարտական, ռազմական նպատակի հասնելուն չի ծառայում։ Բայց այլ հարթութիւնում պէտք է գնահատել այսպիսի արարքների ազդեցութիւնը։ Որովհետեւ լայնածաւալ պատերազմ չեն կարողանում սկսել», – «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Բաբաեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment