Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ G7-ի Արտաքին Գործերու Նախարարները Համատեղ Յայտարարութիւն Տարածած Են Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Մասին

G7-ի Արտաքին Գործերու Նախարարները Համատեղ Յայտարարութիւն Տարածած Են Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Մասին

by MassisPost

G7-ի երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի. «Կոչ կ’ընենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին լիովին հաւատարիմ մնալու խաղաղ գործընթացին՝ հասնելու արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան՝ հիմնուած ուժի չկիրառման, ինքնիշխանութեան յարգման, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ։ Մենք կը յիշեցնենք կողմերուն համատեղ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած է 2023 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին, եւ կոչ կ’ընենք անոնց պահպանելու համագործակցութեան այս ոգին իրենց հետագայ փոխադարձ գործողութիւններուն մէջ։

«Հետագայ մագլցումը անընդունելի պիտի ըլլայ:  G7-ը եւ անոր անդամները պատրաստ են աջակցելու հետագայ կառուցողական շփումներուն բոլոր մակարդակներով, մասնաւորապէս՝ ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ տրամադրուած բանակցային մեխանիզմներուն միջոցով, որոնց անխոնջ ջանքերը մենք բարձր կը գնահատենք: Մենք կը վերահաստատենք 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին հաւատարիմ մնալու կարեւորությունը, որուն մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Մենք կոչ կ’ընենք ընդլայնելու տարածաշրջանային համագործակցութիւնը եւ բանալու բոլոր սահմանները՝ ներառեալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment