Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ելլելով Պաքուի Տրամաբանութենէն Հայ Փախստականները Պէտք Է Վերադառնան Ատրպէյճանի Հայաթափուած Տարածքներ, Շեշտած է ՀՀ ԱԳՆ

Ելլելով Պաքուի Տրամաբանութենէն Հայ Փախստականները Պէտք Է Վերադառնան Ատրպէյճանի Հայաթափուած Տարածքներ, Շեշտած է ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմը, Հայաստանի հանդէպ առաջադրելով տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներ, կը փորձէ մէկ կողմէ միջազգային օրակարգէն դուրս հանել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ ստեղծել նոր սպառնալիքներ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան համար, «Արմէնփրէսի» խնդրանքով, արձագանգելով Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, յայտնած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչը, ի պատասխան Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըրած յայտարարութիւններուն, պնդած է, թէ պաշտօնական Պաքուն տարածքային պահանջներ չունի հարեւաններու նկատմամբ, իսկ Զանգեզուր, Սեւան, Երեւան ատրպէյճանցիներու «վերադառնալու» մասին խօսելով՝ նկատի ունին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կէտը փախստականներու ու բռնի տեղահանուածներու վերադարձի մասին:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան համոզմամբ, փորձելով հիմնաւորել նմանօրինակ շինծու օրակարգը, ատրպէյճանական կողմը չի խորշեր Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան բացայայտ կեղծիքներ վերագրելէն։

«Եթէ ելնենք վերոնշեալ փաստաթղթի՝ տեղահանուածների վերադարձի ատրպէյճանական մեկնաբանութեան տրամաբանութիւնից, ապա հայ փախստականները պէտք է վերադառնան Նախիջեւան, Գանձակ, Պաքու, Սումկայիթ եւ ներկայիս Ատրպէյճանի այլ հայաթափուած տարածքներ։ Ինչ վերաբերում է Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակի կողմից հնչեցուած Հայաստանի հանդէպ պատմական պահանջներին, ապա մեզ համար դժուար է ըմբռնել «պատմական» բնորոշման Ատրպէյճանի չափանիշները։ Ստիպուած ենք վերստին յիշեցնել, որ պատմութիւնը երբեք չի կարող լինել մի այնպիսի երկրի ուժեղ կողմը, որի թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ քաղաքական անուանումը մէկդարեայ պատմութիւն ունի, իսկ ատրպէյճանցի անուանումն անգամ դրանից էլ նոր է», – ըսուած է պարզաբանման մէջ։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան՝ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու միջեւ յարատեւ թշնամութիւն սերմանելու եւ պահպանելու Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ջանքերը տեւական սպառնալիք են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար։

«Հայաստանին վրէժխնդրութեան մէջ մեղադրելուց առաջ Ատրպէյճանը պէտք է միջազգային հանրութեանը բացատրի, թէ որն է Պաքուի «ռազմավարի պուրակի» խորհուրդը, որը ոչ այլ ինչ է քան վրէժխնդրութեան եւ մարդատեացութեան ամօթալի «յուշարձան», – ըսուած է պարզաբանման մէջ։

Հայաստանը պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն հանդէս գալ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, ցեղային զտումներու ենթարկուած Արցախի տարածքներու ապաբռնագրաւումի եւ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն այդ տարածքները հայ բնակչութեան վերադարձի դիրքերէն, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը՝ ընդգծելով, որ միայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներքոյ ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը կրնայ նախադրեալներ ստեղծել տարածաշրջանի տեւական խաղաղութեան համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment