Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ Ալիեւին՝ Տարածաշրջանի Բոլոր Հաղորդակցութիւնները Պէտք Է Բացուին Միեւնոյն Ժամանակ

Ըստ Ալիեւին՝ Տարածաշրջանի Բոլոր Հաղորդակցութիւնները Պէտք Է Բացուին Միեւնոյն Ժամանակ

by MassisPost

«Կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ կը դառնան արդէն իրականութիւն», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Երէկ՝ Յուլիս 18-ին, Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ՝ Շառլ Միշելի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ Իլհամ Ալիեւ շեշտած է, որ «բոլոր հաղորդակցութիւններու բացումը կարեւոր հարց է յետ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, եւ այդ իր արտացոլումը գտած է անցեալ տարուայ Նոյեմբեր [լոյս] 10-ին Ռուսաստանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ իմ կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ»:

«Թրենտ» լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Ալիեւ յայտնած է, որ սկսած է Հայաստանի հետ սահմանի ուղղութեամբ երկաթուղագիծերու եւ մայրուղային ճանապարհի շինարարութիւն:

«Մենք պէտք է մեր տարածքին մէջ կառուցենք աւելի քան հարիւր քիլոմեթր մայրուղային եւ երկաթուղային ճանապարհներ Հայաստանի ուղղութեամբ: Հայաստանի տարածքին մէջ ատիկա ընդամէնը շուրջ 40 քիլոմեթր կը կազմէ: Բոլոր տարածաշրջանի հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին զուգահեռաբար: Այդ թոյլ կու տայ Հայաստանին երկաթուղային հաղորդակցութիւն ստանալ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ: Այդ թոյլ կու տայ Ատրպէյճանին լրացուցիչ ելք ստանալ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն, եւ տարածաշրջանի 4 երկիրներ՝ Ատրպէյճանը, Իրանը, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան ուժեղ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն այդ մօտեցման: Այդպիսով, մենք պէտք է Հայաստանէն ստանանք դրական պատասխան, բայց այդ հարցը պէտք չէ ընտրողական ըլլայ», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

«Բոլոր հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին միեւնոյն ժամանակ, եւ այդ տեսանկիւնէն խտրականութիւն պէտք չէ ըլլայ: Անկասկած, անկէ յետոյ կանխատեսելիութիւնը, կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ արդէն իրականութիւն կը դառնան: Մենք այդ կը ցանկանք», – վստահեցուցած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment