Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան կը Շարունակէ Հանդիպումները Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու Ծիրէն Ներս

Նիկոլ Փաշինեան կը Շարունակէ Հանդիպումները Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու Ծիրէն Ներս

by MassisPost

Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Յունիս 23-ին, առանձին հանդիպումներ ունեցած է «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ՝ Դաւիթ Սանասարեանի, «Ալեանս» կուսակցութեան նախագահ՝ Տիգրան Ուրիխանեանի, «Պահպանողական կուսակցութեան» նախագահ՝ Միքայէլ Հայրապետեանին հետ:

«Մենք ասել ենք, որ Հայաստանում չունենք թշնամի եւ վստահաբար գնում ենք առաջ: Ինչպէս դուք նշեցիք, ունենք խնդիրներ. կան ընդդիմադիր ուժեր, որոնց հետ որեւիցէ քայլ մենք չենք պատկերացնում, բայց կան հարցեր, որոնք պէտք է նստենք, միասին հասկանանք, որովհետեւ սա մեր պետութիւնն է, որեւիցէ մէկը մեր փոխարէն մեր խնդիրները չի լուծելու: Ամէն ինչ պէտք է անենք, որ մեր ուժերով կարողանանք դուրս գալ այս վիճակից», – ըսած է Դաւիթ Սանասարեան:

ourikhanyan-pashinyan

Տիգրան Ուրիխանեանը հանդիպման ընթացքին նշած է՝ եթէ իրենք իրենց առաջարկներով, նախընտրական շրջանին հնչեցուցած ծրագրային դրոյթներով, կրնան նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման, այդ իրենց համար կ’ըլլայ գոհացուցիչ:

«Ես, ի հարկէ, խօսում եմ «Ալեանս» կուսակցութեան անունից, որովհետեւ մենք ձեւաւորեցինք յուշագրի հիման վրայ միասնական նախընտրական ցուցակ՝ 2 կուսակցութիւններից եւ մի քանի այլ կուսակցութիւնների ներկայացուցիչների կազմից բաղկացած: Բայց վստահ եմ, որ կարծիքս կիսում են նաեւ միւս գործընկերները, ովքեր մեզ հետ մասնակցել են կամ վստահ եմ՝ շատերը, ովքեր այդ թւում մեզ հետ չեն մասնակցել, բայց առնուազն բանակցել են», – ըսած է Ուրիխանեան։

Ընդգծելով, որ իրենց համար այս ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելի չեն՝ Միքայէլ Հայրապետեան շեշտած է, թէ ազգային համաձայնութեան անհրաժեշտութիւն կայ:

«Նախ, մեզ համար՝ «Պահպանողական կուսակցութեան» համար, բացարձակապէս վիճարկելի չեն այս ընտրութիւնների արդիւնքները, ինչի մասին յաջորդ օրն իսկ մենք յայտարարութիւն ենք արել՝ դրանով դադարեցնելով մեր նախընտրական «Ազատ Հայրենիք» դաշինքում «Պահպանողական կուսակցութեան» ներկայութիւնը: Այնպէս որ, այդտեղ խնդիր չկայ՝ այո, վիճարկելի չեն այս ընտրութիւնների արդիւնքները: Բայց, ընտրութիւնները ցոյց տուեցին, որ ազգային համաձայնութեան անհրաժեշտութիւն կայ: Դրա հակառակը Հայաստանում քաոսն է, որը հայկական օրակարգ չէ, եւ մենք ոչ միայն չենք սպասարկի, այլեւ դէմ կը գնանք այդ քաոսին, որ ուժի կողմից էլ այն հրահրուի», – ըսած է Հայրապետեան:

khzmalyan-pashinyan

Յիշեցնենք, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով մեծամասնութիւն ստացած «Քաղաքացիական պայմանագրի» վարչապետի թեկնածու՝ Նիկոլ Փաշինեան երէկուընէ երկխօսութիւն սկսած է ընտրութեան մասնակից այն ուժերու հետ, որոնք, ինչպէս ինք նշած է, հակուած են երկխօսելու։

Երէկ ան առանձին հանդիպումներ ունեցած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արամ Սարգսեանի, «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արման Բաբաջանեանի, «Քրիստոնեայ-Ժողովրդավարական» կուսակցութեան նախագահ՝ Լեւոն Շիրինեանի, «Քաղաքացու որոշում» կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամ՝ Սուրէն Սահակեանի, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ՝ Նորայր Նորիկեանի, «Ազատական» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը գլխաւորած Սամուէլ Բաբայեանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment