Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Առաջնորդ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Հայաստանի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կապակցութեամբ

Առաջնորդ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Հայաստանի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կապակցութեամբ

by MassisPost

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք ամենակալ Աստուծոյ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած անցնցում ընտրութիւներու համար: Ի խորոց սրտի կը շնորհաւորենք նաեւ Հայաստանի ժողովուրդը ժողովրդավարութեան յաղթանակի եւ իրենց ազատ ընտրութեան, կամարտայայտութեան սահմանադրական իրաւունքի լիարժէք իրացման համար, որու մասին կը վկայեն հեղինակաւոր միջազգային դիտորդական առաքելութիւնները։

Հաշտութեան, համերաշխութեան եւ մարդոց միջեւ բարեհաճութեան մեր աղօթքները լսելի եղան Աստուծոյ։ Մեր ժողովուրդը խորագէտ գտնուեցաւ եւ զերծ մնաց պառակտիչ եւ վտանգաւոր զարգացումներէ։

Լիայոյս ենք, որ նոր ձեւաւորուելիք կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ մեծայարգ վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի, ուժերու գերագոյն լարումով եւ համախմբմամբ ձեռնամուխ կ’ըլլայ Հայաստանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, տնտեսական զարգացման, բանակաշինութեան եւ մեր ազգային երազանքներու իրականցման։

Սփիւռքի սիրտը Մայր Հայաստանի հետ եւ Մայր Հայաստանի համար կը բաբախէ։ Սփիւռքի եւ յատկապէս՝ Արեւմտեան Թեմի մեր ժողովուրդը այս գիտակցումով է, որ ակնդէտ կը հետեւի հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ միշտ պատրաստ իր ներուժով սատարելու ժողովուրդի կողմէ ընտրեալ կառավարութեան հայրենաշէն առաքելութիւնները։

Գողգոթայի չարչարանաց ճամբան անցած մեր սիրեցեալ զաւակները ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի արժանի են ունենալ յիրաւի հզօր, բարօր, խաղաղ, ապահով, ինքնիշխան, զարգացած, յառաջադէմ, ազգային եւ հոգեւոր արժեհամակարգի վրայ հիմնուած հայրենի պետութիւն՝ հայրենիք։

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ մեզմէ վերանան հիասթափութիւնն ու յուսալքութիւնը, տրտմութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը եւ հայրենիքէն ներս թագաւորէ միասնականութեան, համագործակցութեան եւ հայրենակերտումի ոգին։ Այս է Աստուծոյ կամքը եւ մենք պիտի հաւատքը վերածենք նուիրումի եւ ծառայութեան։

Մնամք աղօթարար՝

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Առաջնորդ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի
23 Յունիս, 2021, Պըրպէնք, Գալիֆորնիա

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment