Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Ռուսաստանը վճռական դեր կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Այդ մասին Փութին ըսած է միջազգային անվտանգութեան հարցերով 9-րդ մոսկովեան համաժողովի մասնակիցներուն հասցէագրուած տեսաուղերձով:
«Ռուսաստանի վճռորոշ մասնակցութեամբ դադրեցուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը»,- յայտարարած է Փութինը:
Փութինի հաղորդմամբ, ռուսաստանցի խաղաղապահները հիմա վստահօրէն կ’երաշխաւորեն տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը եւ մեծ աշխատանք կը կատարեն մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման, տարածքներու ականազերծման եւ ընկերային ենթակառուցուածքի վերականգնման համար: