Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անհրաժեշտ է ԱԺ-էն Ներս Ունենալ Արեւմտեան Եւ Եւրոպական Արժէքներ Կրող Քաղաքական Ուժ․ Արամ Սարգսեան

Անհրաժեշտ է ԱԺ-էն Ներս Ունենալ Արեւմտեան Եւ Եւրոպական Արժէքներ Կրող Քաղաքական Ուժ․ Արամ Սարգսեան

by MassisPost

Կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու, նախկին վարչապետ՝ Արամ Սարգսեան համոզուած է, որ յաղթելու համար ունին բոլոր հնարաւորութիւնները թէ՛ անցած ճանապարհով, թէ՛ ունեցած հետագիծով, արմատներով ու ազգանունով։

«Բացարձակ անհրաժեշտ է ցանկացած պարագայում Ազգային ժողովում ունենալ արեւմտեան, եւրոպական արժէքներ կրող որեւէ քաղաքական ուժ, որովհետեւ միայն ռուսական շահը պաշտպանող քաղաքական ուժերի ներկայութիւնը ցանկացած իշխանութեան համար, նոյնիսկ ամենառուսականի համար ձեռնտու չի, որովհետեւ ինքը բանակցելու, հաւասարակշռելու տեղ չունի», – նշեց Արամ Սարգսեան։

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը կը համարէ, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը ամրացնելու համար պէտք է համագործակցիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ երկիրներու հետ, իսկ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած բարդ իրավիճակի հանգուցալուծման հասնելու համար պէտք է դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ Գերիներու, սահմաններու խախտման եւ տարանցիկ ճանապարհներու խնդիրը պէտք է լուծուի ո՛չ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսաստան ձեւաչափով, այլ ՄԱԿ-ի մէջ։

Ինչ կը վերաբերէ Արցախին, ապա, Արամ Սարգսեանի խօսքով, քանի դեռ Մինսքի խումբի երեք անդամ երկիրները՝ Ֆրանսան, ԱՄՆ-ը ու Ռուսաստանը կ’ըսեն, որ Արցախի կարգավիճակը լուծուած չէ, պէտք է օգտուիլ այդ առաւելութենէն․ – «Երեք եռանախագահողի հետ էլ պէտք է քրտնաջան աշխատենք։ Պիտի աւելին աշխատենք նաեւ Ռուսաստանի հետ, Ռուսաստանի ուղղութեամբ աշխատենք նաեւ այլ երկրների միջոցով Ռուսաստանի բարեկամ, ասենք՝ Չինաստանով, Հնդկաստանով, Սիրիայով պիտի փորձենք աշխատել։ Բայց ես հասկանում եմ նաեւ, որ Ռուսաստանին էլ Մինսքի խումբը անհրաժեշտ է, որովհետեւ դա միակ հարթակն է, որտեղ ինքը Եւրոպայի ու ԱՄՆ-ի հետ յստակ շփման հնարաւորութիւններ ունի, եւ միակ հարթակն է, որտեղ կարող է Ատրպէյճանի ու Թուրքիայի հետ առեւտուր անել։ Հակառակ պարագաներում էդ առեւտրի հնարաւորութիւնը ամբողջութեամբ էս պատերազմով կորսուեց։ Իսկ մեր հետ առեւտուր անելու ոչինչ չկայ։ Եթէ մենք ՄԱԿ չենք դիմում, մենք դառնում ենք Ռուսաստանի գրպանը դրուած, եւ մեր անկախութիւնը թողած մի կողմ, մեր հետ բոլորը սկսում են շփուել Ռուսաստանի միջոցով»։

Պատերազմէն յետոյ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամի պայմաններուն, Արամ Սարգսեանի կարծիքով, խորհրդարանէն ներս բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժ չ’ըլլար, եւ դաշինքներ կը ձեւաւորուին։ Իրենք ունին յստակ որոշում՝ դաշինք կը կազմեն արեւմտեան արժէքներ դաւանող կուսակցութիւններու հետ միայն։ Այդպիսի ուժեր քիչ են, բայց կան, ըսաւ Սարգսեան, առանց անուններ տալու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment